Ֆելթման. «Լիբանան Իր Ապահովական Կայունութիւնը Կը Պարտի Լիբանանցիներուն»
ՄԱԿ-Ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Ճեֆրի Ֆելթման հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ թէեւ Լիբանան սրտբաց կ՛ընդունի սուրիացի գաղթականները, սակայն ան իր կարգին կը դիմագրաւէ շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներ:
Ֆելթման յայտնեց, որ Լիբանան իր ապահովական կայունութիւնը եւ միասնականութիւնը կը պարտի լիբանանցիներուն` աւելցնելով, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը մտահոգիչ է, «սակայն 2008-ի պայմաններուն կրկնութիւնը նախատեսելի չէ», նշեց ան:
Ֆելթման ըսաւ, որ իր կարծիքով, լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը 2008-ի մայիսեան դէպքերէն դասեր քաղած են` նշելով, որ լիբանանեան ոչ մէկ քաղաքական կողմ կ՛ուզէ երկիրը նման վտանգի ենթարկել:
CATEGORIES Լիբանանեան

