Աուտէ Եպիսկոպոսը Ընդունեց Էլիաս Մըրը

Մըր եւ Աուտէ եպիսկոպոսը
Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ Էշրեֆիէի մէջ ընդունեց «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ Էլիաս Մըրը, որ Աուտէ եպիսկոպոսին յանձնեց «Ինթըրփոլ»-ի շքանշանը:
Հանդիպումէն ետք Մըր յայտնեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին ներկայացուցած է «Ինթըրփոլ»-ի առաքելութիւնը եւ անոր հետապնդած ծրագիրները:
Մըր նշեց նաեւ, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ քննարկած է նաեւ շրջանային, միջազգային, համաշխարհային, ապահովական, դատական եւ շարք մը այլ հարցեր:
Մըր յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութեան, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն աշխատանքը ողջունելի է, սակայն պէտք է անպայման հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել: «Լիբանանի կացութիւնը մտահոգիչ է եւ այդ իմաստով կան մտահոգիչ տեղեկութիւններ:
Անհրաժեշտ է զգուշ ըլլալ, որովհետեւ կացութիւնը շատ զգայուն է եւ կարելի չէ երկրին մէջ ապահովական իմաստով բացթողումներ թոյլատրել», ըսաւ Մըր:
Ան աւելցուց նաեւ, որ կարելի չէ երեսփոխանական կամ որեւէ այլ ընտրութիւններ կատարել, նախքան նախագահական ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ նման քայլի մը դիմելը վտանգաւոր նախընթաց մը պիտի նկատուի:

