«Պիտի Չարտօնենք, Որ Լիբանանի Ապահովութիւնը Խախտի, Այլ` Պիտի Աշխատինք Զայն Ամրապնդել» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

1906economic_forumՎարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արաբական տնտեսական խորհրդաժողովին բացման արարողութեան ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր կառավարութիւնը ստանձնած է իր աշխատանքը եւ կրցած է մեծ թիւով նուաճումներ իրականացնել` փարատելով բազմաթիւ մտավախութիւններ:

«Ապահովութիւնը լուրջ թղթածրար մըն էր, որ զանազան շրջաններու մէջ պատճառեց մարդկային եւ նիւթական վնասներ, սակայն լիբանանեան ապահովական օրինական ուժերուն շնորհիւ կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել կացութիւնը եւ ապահովութիւնը վերադարձնել Թրիփոլիի, Հիւսիսային Պեքաայի, իսկ այժմ մայրաքաղաք Պէյրութ կը պատրաստուի դիմաւորելու ապահովական լուրջ միջոցառումներ», ըսաւ ան:

Ապահովական կայունութեան յանձնառու մնալու շրջագիծին մէջ վարչապետը հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ, որ երկրին ապահովութիւնը խախտի, այլ` պիտի աշխատի զայն ամրապնդել` դիմակալելու համար շրջանին բոցերը:

Սալամ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած սուրիացի գաղթականներու հարցին` նշելով, որ Լիբանան կորսնցուցած է գաղթականներուն բեռը ստանձնելու իր կարողութիւնները:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ շաբաթներէ ի վեր Լիբանանի նախագահական աթոռը թափուր կը մնայ` շեշտելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հանրապետութեան նոր նախագահի մը ընտրութիւնը դիւրացնելու իմաստով:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ Լիբանան կը ջանայ նաեւ վարչական հիմնական փոփոխութիւններ կատարել` արաբական եւ օտար ներդրումները ներգրաւելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր պետական եւ անձնական մարզերուն միջեւ գործակցութիւն նախաձեռնելու առումով:

Ան յաջողութիւն մաղթեց խորհրդաժողովին աշխատանքներուն:

Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Սալամ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն յատուկ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, ինչպէս նաեւ  գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Անթոնիօ Կութիերես եւ Լիբանանի մէջ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Նինեթ Քելլի:

Հանդիպումէն ետք Կութիերես շեշտեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին վերաբերեալ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային զօրակցութիւնը պէտք է աւելի հզօր ըլլայ` նկատի ունենալով, որ Լիբանան բոլոր երկիրներէն աւելի սուրիացի գաղթականներ ընդունած է:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց Հռոմի մէջ տեղի ունեցած լիբանանեան բանակի օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովին արդիւնքները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES