Աշխատավարձերու Յաւելումներուն Մասին Տարակարծութիւնները Տակաւին Առկայ Են

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին ներկայացուցիչները` խորհրդարանին մէջ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ դարձեալ ուղղուեցաւ խորհրդարան` նախագահելու համար ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին վաւերացումին յատկացուած օրէնսդրական նիստին, որ սակայն չգումարուեցաւ երեսփոխանական բոլոր պլոքներուն միջեւ համաձայնութեան չգոյութեան պատճառով:
Պըրրի օրէնսդրական այս նիստը բաց յայտարարեց, որպէսզի համախոհութիւնը գոյացած պահուն կարելի ըլլայ ուղղուիլ խորհրդարան եւ վաւերացնել այդ թղթածրարը:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ խորհրդարան, ուր խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի յանձնեց իր պահանջագիրը, ապա հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահին հետ:
Հանդիպումէն ետք խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յուսախաբութիւն յայտնեց իրենց արդար պահանջներուն նկատմամբ երեսփոխաններուն ցուցաբերած դրժողական այս մօտեցումին համար եւ շեշտեց, որ խորհուրդը պիտի շարունակէ մագլցողական իր քայլերը, որոնցմէ է պետական քննութիւնները չսրբագրելու որոշումը:
Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Ժամալ Ժարրահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեցին, որ իրենք կը զօրակցին ուսուցիչներու, պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու իրաւունքներու, սակայն նաեւ անոր զուգահեռ կը մտածեն Լիբանանի տնտեսական եւ դրամական հաւասարակշռութեան մասին:
Պէտք է աւելցնել, որ երեսփոխան Պահիա Հարիրի իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց ուսուցիչներուն պահանջներուն:
Նշենք, որ Պըրրի այսօր կէսօրին Այն Թինէի մէջ հրաւիրած է մամլոյ ասուլիսի մը:

