Անիի Մէջ Դարձեալ Նորաձեւութեան Ցուցադրութիւն

1906aniԹրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ «Այտըն» համալսարանը, Կարսի մէջ տեղի ունեցող «Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան միջազգային օրեր» կոչուած ձեռնարկի ծիրին մէջ, պատմական Անի մայրաքաղաքին մէջ նորաձեւութեան ցուցադրութիւն կազմակերպած է:

Ըստ կայքին, ցուցադրութեան ընթացքին ներկայացուած են նաեւ տարբեր ազգերու աւանդական հագուստներ, որոնք պատրաստուած էին համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն կողմէ:

Ձեռնարկին մասնակցած են Կարս նահանգի գործադիր իշխանութեան եւ մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Թրքական «Էլ Թըրքի» ամսագիրը իր դեկտեմբեր 2011-ի թիւին մէջ տպագրած էր Անիի մէջ նորաձեւութեան այլ ցուցադրութեան մը լուսանկարները:

Share this Article
CATEGORIES