«Ռուսիա Շատ Բանի Կրնայ Հասնիլ` Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Օգնելով Ազրպէյճանի» Կ՛ըսէ Ազիմով

Արազ Ազիմով

Արազ Ազիմով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտնած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու վերջին հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:

«Ռուսիան սկիզբը այս հարցին մէջ յատուկ դիրքորոշում ունեցած է: Տագնապին սկիզբը Ռուսիա մինչեւ իսկ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է անոր վրայ», ըսած է արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Ըստ անոր, ատկէ ետք, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ, Ռուսիան հարցին նկատմամբ իր վերաբերմունքը վերատեսութեան ենթարկած է եւ նոր մօտեցում ձեւաւորած:

«Որքան կը հասկնամ` շրջանին մէջ Ռուսիոյ հիմնական հետաքրքրութիւնը պէտք է կապուած ըլլայ Ազրպէյճանի հետ, որ շրջանին մէջ մեծագոյն տարածքը ունի, մարդկային մեծագոյն ներուժը ունի, վստահելի եւ որակաւորուած կառավարութիւն ունի: Ազրպէյճան Ռուսիոյ համար կրնայ լաւ գործընկեր ըլլալ: Իմ կարծիքովս, Ռուսիոյ յատուկ հետաքրքրութեան առարկան պէտք է դառնայ Ազրպէյճանը` իբրեւ զարգացած եւ կայուն ռազմավարական գործընկեր: Ռուսիան շատ բանի կրնայ հասնիլ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ Ազրպէյճանին օգնելով», յայտարարած է Ազիմով:

Նշենք, որ Լաւրովէն ետք Պաքու պիտի այցելէ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին, որ կը գլխաւորէ ռուս-ազրպէյճանական միջկառավարական յանձնախումբը:

Ալիեւ-Լաւրով Հանդիպում

Լաւրով եւ Ալիեւ

Լաւրով եւ Ալիեւ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդունած է Պաքուի մէջ գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

Ընդգծելով երկկողմանի յարաբերութիւններու աշխուժ եւ յաջող զարգացումը` Ալիեւ յոյս յայտնած է, որ Լաւրովի այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ յարաբերութիւններու հետագայ ամրապնդման վրայ:

Ալիեւ ըսած է, որ Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները կը զարգանան բոլոր մարզերուն մէջ:

Լաւրով իր կարգին Ալիեւին փոխանցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ջերմ ողջոյնները: Ան նշած է, որ իրենք կը կիսեն Ալիեւի տեսակէտը այն մասին, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները ռազմավարական բնոյթ ունին եւ յաջողութեամբ կը զարգանան:

Ան նաեւ ըսած է, որ Ազրպէյճանն ու Ռուսիան յաջողութեամբ կը համագործակցին շրջանային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ: Լաւրով ըսած է, որ հանդիպումին ընթացքին խօսած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու նախորդ հանդիպումին, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն մասին:

Share this Article
CATEGORIES