Ոչ Իշխանական Ուժերը Տապալեցին Ազգային Ժողովի Նիստը
Երէկ ոչ իշխանական ուժերը տապալեցին Ազգային ժողովի նիստը. Պատգամաւորներու բաւարար թիւի չգոյութեան պատճառով Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտնեց, որ կը յայտարարուի երեք ժամուան դադար երեք ժամ ետք կրկին պէտք է պատգամաւորները արձանագրուին եւ եթէ բաւարար թիւով պատգամաւորներ ըլլան, կարելի պիտի ըլլայ աշխատանքները իրականացնել:
Նշենք, որ արձանագրուած էին ընդամէնը 63 պատգամաւորներ, ՀՅԴ-ի, Բարգաւաճ Հայաստանի, Օրինաց երկիրի եւ Ժառանգութեան պատգամաւորները դահլիճին մէջ չէին գտնուեր, թէեւ Ազգային ժողովին մէջ էին:
«Առանց մեզի միշտ ալ բաւարար պատգամաւորներու թիւ պիտի չ՛ըլլայ», լրագրողներուն յայտնեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` հաստատելով, որ նիստի սկիզբը չարձանագրուիլը անոնց հերթական մարտավարական քայլն էր:
Ժողովը օրինական նկատելու համար բաւարար թիւ ապահովելու համար անհրաժեշտ է 66 պատգամաւորներու ներկայութիւնը:

