«Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Անդամակցութենէն Ետք Հեռանկար Կը Բացուի Վրացի Գործարարներու Համար» Յայտնեց Նախագահ Սարգսեան
Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ պաշտօնական այցելութեամբ Վրաստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը:
Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Կիորկի Մարկվելաշվիլի ունեցած են դռնփակ հանդիպում մը որուն յաջորդած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:
Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահները բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփած են զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ միացեալ յայտարարութեամբ:
«Հայ-վրացական գործընկերութեան հետեւողական ամրապնդումը Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններէն է: Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ առկայ փխրուն իրավիճակը մեծապէս պայմանաւորուած է Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան արդիւնաւէտութեամբ եւ ամրութեամբ: Մենք մշտապէս յարգած ենք իրարու որոշումները` գիտակցելով, որ իւրաքանչիւրիս առաջնահերթ նպատակն է սեփական պետութեան ամրապնդումը եւ ուրախացած ենք անով, որովհետեւ Հայաստանն ու Վրաստանը զօրաւոր են իրարու հետ», իր խօսքին մէջ յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութիւնը: Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ե՛ւ անցեալ տարի, եւ՛ ընթացիկ տարուան ընթացքին երկու երկրներուն միջեւ արձանագրուած է առեւտրական շրջանառութեան աճ:
«Անդրադարձանք, անշուշտ, նաեւ Հայաստանի մասնակցութեան Եւրասիական շրջանին մէջ ծաւալուող համարկման հոլովոյթներուն: Մեր վրացի գործընկերներուն ներկայացուցինք այս ուղղութեամբ արդէն իսկ կատարուած աշխատանքները եւ հետագայ ծրագիրները, մասնաւորապէս` այս ծիրին մէջ Վրաստանի հետ փոխադարձ շահաւէտ տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները: Ես խորապէս վստահ եմ, որ Վրաստան 27 յունիսին ստորագրելով Ընկերակցութեան համաձայնագիր եւ մաս դառնալով Ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին` կարելիութիւն ստեղծած է հայ գործարարներու համար, որոնք կը տեսնեն իրենց մասնակցութիւնը եւրոպական շուկային մէջ, ներդրումներ կատարել Վրաստանի մէջ եւ հակառակը կը տեսնեմ` Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցելէն ետք երկրին մէջ ներդրումներ կատարելու հեռանկար կը բացուի այն վրացի գործարարներուն համար, որոնք ունին կամ կրնան ունենալ շուկայ Ռուսիոյ կամ Մաքսային միութեան այլ երկիրներուն մէջ», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը յայտնեց, որ շրջանային ապահովութեան ծիրին մէջ կողմերը կարեւոր նկատած են միջազգային հարթակներուն մէջ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, իրարու համար զգայուն հարցերու նկատմամբ հաւասարակշռուած եւ կառուցողական դիրքորոշման պահպանումը:
«Անշուշտ, մենք անդրադարձանք նաեւ մեր մարդասիրական համագործակցութեան, որովհետեւ թերեւս քիչ մը պատկերաւոր կ՛ըսեմ, կարծիքովս, մեր համագործակցութիւնը մարդասիրական մարզին մէջ կարեւոր է նոյնիսկ, քան համագործակցութիւնը տնտեսութեան մարզին մէջ, որովհետեւ մենք շատ-շատ երկար ապրած ենք այս շրջանին մէջ եւ բազմաթիւ են դէպքերը, երբ մենք ունեցած ենք մշակութային ներթափանցումներ, այսինքն` հարստացած է ե՛ւ վրացական մշակոյթը, ե՛ւ հայկականը: Եւ, անշուշտ, շատ շնորհակալ եմ Վրաստանի նախագահին, որ ընդունեց մեր առաջարկը` այսօր Թիֆլիսի մէջ կազմակերպել համերգ` նուիրուած մեծ արուեստագէտ Սայաթ-Նովայի յոբելեանին, որուն արուեստն ու ստեղծագործութիւնը ամէնէն վառ օրինակն են մշակութային փոխլրացման, մշակութային ներթափանցման», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան` շնորհակալութիւն յայտնելով վրացական կողմին` ջերմ ընդունելութեան համար:

