Քալիֆորնիա Նահանգի Ծերակոյտի Կրթական Հարցերով Յանձնախումբը Թեր Քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Բանաձեւին

1906AdrinNazarianՄիացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Ծերակոյտի կրթական հարցերով յանձնախումբը միաձայն թեր քուէարկեց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը նահանգի կրթական ծրագիրին մէջ ներառող AB 1915 բանաձեւին:

Անիկա ներկայացուած է Ատրին Նազարեանի կողմէ եւ կը նախատեսէ 7-12-րդ դասարաններու «Հասարակագիտութիւն» առարկայի ծրագիրին մէջ ներառել Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը:

AB 1915 բանաձեւը այժմ կը քննարկուի Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբին մէջ, որուն կողմէ հաստատուելու պարագային պիտի անցնի Ծերակոյտի ընդհանուր ժողով:

Share this Article
CATEGORIES