Մեսսիի Դէմ Արձակուած Մեղադրանքները Վերցուեցան

Սպանական «Մարքա» օրաթերթը կը յայտնէ, որ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի դէմ արձակուած մեղադրանքները` իր տուրքերէն 4,1 միլիոն եւրոյի վճարումէն խուսափած ըլլալուն մասին, վերցուեցան:

Անոր այս հարցով զբաղող դատաւորը յայտնեց, որ Մեսսի այդ հարցին մէջ անմեղ է, թէեւ 2007-2009 տարիներուն որոշ խախտումներ կատարած է:

Սակայն անոր հօր` Խորխէ Մեսսիի, որ մարզիկին գործակալն է, նկատմամբ հետաքննութիւնները կը շարունակուին, որովհետեւ կը կարծուի, որ ան կատարուած խարդախութիւններուն մէջ մեղսակցութիւն ունի:

Լուրը եզրափակուեցաւ նշելով, Լիոնել Մեսսի, վստահելով իր հօրը, առանց տեղեակ ըլլալու ստորագրած է անօրինական փաստաթուղթեր:

 

Share this Article
CATEGORIES