Նախարար Ղազարեան Ներկայ Գտնուեցաւ Մարզական Շարք Մը Նախաձեռնութիւններու
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Գաբրիէլ Ղազարեան նախորդ շաբաթավերջին կարգ մը մարզակառոյցներու մէջ, ներկայ եղած է մարզական շարք մը նախաձեռնութիւններու, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ան իր խօսքին մէջ ըսած է «ինչպէս արդէն յայտարարած եմ, պիտի այցելեմ նախարարութեան ենթակայ բոլոր մարզադպրոցները: Լաւ տպաւորութիւն ստացայ ներկայ գտնուելով ջրագնդակի պատանիներու Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումին, Թիավարութեան ախոյեանութեան, հեծելարշաւի մրցումներուն:
Մրցանակակիրներու պարգեւատրման արարողութեան մասնակցելով` կը շնորհաւորեմ բոլոր յաղթականները: Յառաջիկային այցելութիւններս պիտի շարունակեմ եւ պիտի հետեւիմ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող մարզական բոլոր նախաձեռնութիւններուն»:
CATEGORIES Մարզական

