Արթուր Աւագեան Տեղափոխուեցաւ Ղազախստան
Իր լուրը քաղելով Sports.kz կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Գանձասար Կապանի 26 տարեկան յետսապահ Արթուր Աւագեան տեղափոխուեցաւ Սպարտակ (Ղազախստան)` իբրեւ փոխ տրուած մարզիկ մը:
2013-էն սկսեալ Աւագեան քանի մը առիթներով հրաւիրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական: Վերջին անգամ Ալպանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին ան դաշտ ներկայացաւ իբրեւ պահեստի մարզիկ:
CATEGORIES Մարզական

