2014-ի Մոնտիալ. Նիկերիոյ Մէջ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ` Պայթումի Մը Պատճառով
Ռուսական մամուլին համաձայն, քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած Պրազիլ – Մեքսիքա 2014-ի Մոնտիալի մրցումին, մինչ մարդիկ մրցումին կը հետեւէին` Նիկերիոյ մէջ անծանօթ մը իր մոթորսիքլեթով մօտեցած է անոնց մօտ եւ ինքզինք պայթեցուցած:
Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, կան քանի մը զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ:
Սակայն բժիշկներուն համաձայն, զոհերուն թիւը կրնայ բարձրանալ` նկատի ունենալով, որ վիրաւորներուն վիճակը բաւական մտահոգիչ է:
Ոստիկանութեան բանբեր մը յայտնեց, որ ցարդ չեն գիտեր պայթումին պատճառը, սակայն պիտի փորձեն յառաջիկային այլ պայթումներու առաջքը առնել:
CATEGORIES Մարզական

