2014-ի Մոնտիալ. Փութին Ներկայ Պիտի Ըլլայ Աւարտական Մրցումին

1906putinTert.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 12 յուլիսին պիտի ըլլայ Պրազիլի մէջ եւ 2014-ի Մոնտիալի աւարտական մրցումը պիտի դիտէ:

Ինչպէս ծանօթ է, 2018-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ: Փութին աւարտական մրցումին ներկայ գտնուելով պիտի մասնակցի այն հանդիսաւոր արարողութեան, որ ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքը կը փոխանցէ Ռուսիոյ:

Նշենք, որ 2018-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ ռուսական 11 քաղաքներու մէջ եւ կ՛ակնկալուի, որ անոր ներկայ ըլլան 5,5 միլիոն անձեր:

Share this Article
CATEGORIES