Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ 2-րդ Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի 2-րդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 20 յունիսին երբ իրարու դէմ պիտի մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի Պէյրութ:
Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան:
Նշենք, որ այժմ Ռիատի Պէյրութ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը` նախանցեալ օր իր դաշտին վրայ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (63-41):
CATEGORIES Մարզական

