2014-ի Մոնտիալ. Սուարեսի Տուպլէին Շնորհիւ Ուրուկուէյ Յաղթեց Անգլիոյ` 2-1 Արդիւնքով

Լուիս Սուարես

Լուիս Սուարես

Պրազիլի «Արենա տը Սան Փաուլօ» դաշտին վրայ երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը` 2014-ի Մոնտիալին ծիրին մէջ, երբ Դ. խմբակին մաս կազմող Ուրուկուէյ եւ Անգլիա մրցեցան իրարու դէմ, աւելի քան 62 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:

Օրուան կեդրոնի իրաւարարն էր սպանացի Քարլոս Վելասքօ:

Հակառակ անոր որ մրցումին տեւողութեան գնդակին 62 տոկոսը եղաւ Անգլիոյ տիրապետութեան տակ, սակայն յաղթական դուրս եկաւ Ուրուկուէյ, որ Լուիս Սուարեսի իրագործած տուպլէին շնորհիւ (39-րդ եւ 85-րդ) 2-1 արդիւնքով յաղթական դուրս եկաւ: Անգլիոյ կոլը նշանակեց Ուէյն Ռունի (75-րդ):

Մինչ Ուրուկուէյ արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, անդին Անգլիա կրեց իր երկրորդ յաջորդական պարտութիւնը եւ այսպիսով յաջորդ հանգրուանին հասնելու անոր յոյսերը բաւական դժուարացան:

Անգլիոյ մարզիկները

Անգլիոյ մարզիկները

Թուաբանական հաշիւներով Անգլիա, որ ոչ իսկ մէկ կէտ ունի, ցարդ դուրս չէ մնացած մրցաշարքէն:

Գ. խմբակին մաս կազմող Քոլոմպիա, որ արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Փղոսկրեայ Ափունքը, ապահովեց առաւելագոյն 6 կէտը:

«Էսթատիօ Նասիոնալ տը Պրազիլիա» դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, որուն ներկայ էր շուրջ 69 հազար հանդիսատես, Ճէյմս Ռոտրիկեզ (64-րդ) եւ Խուան Քուինթերօ (70-րդ) նշանակեցին Քոլոմպիոյ կոլերը, իսկ Կերվինիօ` Փղոսկրեայ ափունքցիներուն կոլը (73-րդ):

Նշենք, որ նախքան մրցումին սկսիլը, Փղոսկրեայ Ափունքի ֆութպոլիստները փորձեցին մխիթարել իրենց խմբակիցը` Սերէյ Տիյեն (30 տարեկան), որ իր երկրին քայլերը հնչած պահուն իր յուզումէն կուլար: Ան քանի մը ժամ առաջ իմացած էր իր հօր մահուան լուրը:

Ա. խմբակին մէջ Խրուաթիա բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քամերունը, որ Ա. կիսախաղին աւարտէն հինգ վայրկեան առաջ մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով` նկատի ունենալով որ Ալեքս Սոնկ ուղղակիօրէն կարմիր քարտ մը ստացաւ` Մարիօ Մանտզուքիչին զարկած ըլլալուն համար:

Խրուաթիա, որ մրցաշարքին բացման մրցումին պարտուած էր Պրազիլէն, Ա. հանգրուանին իր կատարելիք մրցումին անպայման պէտք է յաղթէ` ապահովելու համար 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը: Անիկա այժմ ունի 3 կէտ, մինչ Պրազիլ եւ Մեքսիքա 4-ական:

Խրուաթիոյ չորս անպատասխան կոլերը նշանակեցին Իվիքա Օլիչ (11-րդ), Իվան Փերիսիչ (48-րդ) եւ Մարիօ Մանտզուքիչ (61-րդ եւ 73-րդ):

Քամերուն, որ գնդակին տիրապետեց 48 տոկոսով, մրցակիցին բերդին ուղղութեամբ հարուածեց հազիւ մէկ կամ երկու անգամ, մինչ Խրուաթիա` տասը անգամէն աւելի:

Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով):

ԺԱՄ
Ճափոն – Յունաստան                (Գ. խմբակ) 1:00
Իտալիա -Քոսթա Ռիքա (Դ. խմբակ) 1:00
Ֆրանսա – Զուիցերիա (Ե. խմբակ) 22:00

 

Սերէյ Տիյէ Կու Լայ... Մրցումէն Առաջ

Սերէյ Տիյէ
Կու Լայ… Մրցումէն
Առաջ

Share this Article
CATEGORIES