Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հիանալի է օրը` ձեր որոշումները կատարելու: Կրնաք ունենալ նաեւ անակնկալներ, որոնք նոր յոյսեր պիտի ներշնչեն ձեր ապագային վերաբերեալ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարձր տրամադրութիւն պիտի ունենաք ձեր շրջանակին մէջ: Ձեր խօսքին պիտի հետեւին անոնք եւ միասնաբար օգտաշատ գործունէութիւն պիտի ունենաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի իմաստով գործատեղիին մէջ իւրաքանչիւր անձ պիտի պնդէ իր ըսածը` զայն լաւագոյնը նկատելով: Համաձայնութեան գալը պիտի դժուարանայ: Վաղուան ձգեցէք ձեր հանդիպումը:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամառնային արձակուրդի օրերը արդէն մօտեցած են: Հաստատ որոշում տուէք ձեր երթալիք վայրին համար: Լաւ ընկերակից մըն ալ պէտք է ունենաք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այն անձը, որ ձեզմէ գումար մը փոխ առած էր եւ երկար ատենէ ի վեր չէր տեսնուած, այսօր անակնկալ կերպով պիտի յայտնուի եւ պիտի վճարէ իր պարտքը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վաղուան մասին մի՛ մտահոգուիք: Կատարեցէք ձեզի յանձնուած պարտականութիւնը եւ հանգստացուցէք ձեր խիղճը: Կարեւորը հոգեկան խաղաղութիւն ունենալն է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փոփոխամտութիւնը կասկածներ կ՛արթնցնէ: Ձեր տուած խոստումը յարգեցէք, մանաւանդ որ դրամական հարցի կը վերաբերի: Ձեր հասցէին բամբասող չըլլայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր կեանքին վերաբերեալ փափուկ հարցի մը պատճառով պիտի մտահոգուիք: Զուր են ձեր վախերը, որովհետեւ դիւրութեամբ պիտի աւարտի հարցաքննութիւնը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մրցակցութեան մը մէջ նետուած էք ձեր ասպարէզին կապակցութեամբ: Կրնաք շահիլ, եթէ լուռ մնաք եւ ինքնագովութիւն չունենաք: Լռութիւնը ոսկի է:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ժամանակ տրամադրեցէք դուք ձեզ վերականգնելու: Հագուածքին կարեւորութիւն տուէք, մանաւանդ երբ պիտի ներկայանաք պաշտօնական միջավայր մը: Օրը հաճելի է:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ գոհանաք ձեր ստացած գովասանքներով, նիւթական նուէրով, շարունակեցէք առաւել զօրութեամբ: Աշխատանքի թափը պէտք չէ կասի, ինքնավստահ եղէք:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դէպի նոր հասցէ աշխատանքային ուղեւորութիւն մը հաւանական է: Ձեզի հետ տարէք հարկ եղած պաշտօնական թուղթերը, ներկայացուցէք ձեր կենսագրականը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES