50 Տարի Առաջ (21 Յունիս 1964)
Հայ Կեանք
Ցիր Ու Ցան Հայեր
Վաթսուն Հայերէ Բաղկացած
Գաղութ Լիպիոյ Մէջ
Սեբաստացի հայ մը` Պօղոս Աշպահեան, որ վերջերս Լիպիայէն Ամերիկա գացած է հոն հաստատուելու համար, հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է Լիպիոյ հայ գաղութին մասին.-
Թրիփոլիի մէջ ունինք հայկական փոքրիկ գաղութ մը` 12 ընտանիքէ (մօտ 60 հոգի) բաղկացած: Կան հայ պաշտօնեաներ եւս, որոնք նաւթային ընկերութեան մէջ կը ծառայեն, սակայն անոնք մնայուն չեն:
Հայ ընտանիքներու զաւակները իտալերէն կը խօսին…
Հայերը հին գաղութ մը ունեցած են Թրիփոլիի մէջ 1665-ին, մատուռ մը կառուցած են, գաղութը մեծ եղած է եւ ինքնաբաւ, իրենց դրամով շինած են մատուռը: Աւելի ուշ այս գաղութը ցրուած է, եկած են յոյները, թիւով աւելի, եկեղեցի կառուցած են, եւ այժմ հայերը յոյն եկեղեցին կը յաճախեն, անոնց ծուխն են: Հովիւ չունին, 1936-ին Մարսէյէն Թրիփոլի այցելեց Եղիշէ քհնյ. Մխիթարեանը, հոգեւոր մխիթարութիւն տուաւ: Մարսէյ, հետագային, ի վիճակի չեղաւ հովիւ ղրկելու պատերազմական վիճակին պատճառով:
Յոյները սպունգ կ՛որսան ծովէն: Հայերը առեւտրականներ եւ արհեստաւորներ են:
Տասը Հայեր Կան
Հաւայեան Կղզիներու Մէջ
Հաւայեան կղզիներու մէջ կան 10 հայեր, անոնցմէ երկուքը ամուսնացած են օտարներու հետ: Միւսներէն երեքը իրանահայեր են` Հարմիկ Եղիազարեան, որ աւարտած է Պոսթընի երաժշտանոցը, այժմ կը նուագէ Հոնոլուլուի Սեմֆընի օրքեսթրայի մէջ եւ միաժամանակ երաժշտութեան դասատու է դպրոցին մէջ: Երաժշտական փայլուն կարողութիւններ ունի: Օրդ. Ռիթա, դարձեալ Իրանէն, կը պաշտօնավարէ ապահովագրական հաստատութեան մէջ: Աւետիսեան, իրանահայ, գոհարեղէնի խանութ ունի «Փըրժըն ճիւըլըրի» անունով:
Այս իրանահայերը հայերու կարօտ կը քաշեն, իսկ միւսները քիչ մը ամերիկացած են:
Մահ Աննա Բուդաղեանի
Փարիզի մէջ անցած երեքշաբթի մահկանացուն կնքած է Աննա Բուդաղեան, 84 տարեկանին:
Բնիկ շուշեցի, Աննա Բուդաղեան յաճախելէ ետք տեղւոյն հայկական դպրոցը, մտած է Փեթրոկրատի աղջկանց ազնուական դպրոցը, յետոյ անցած Եւրոպա եւ աւարտած է Ցիւրիխի բժշկական համալսարանը: Փարիզ հաստատուած էր 1923-էն ի վեր եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած էր հայ ազգային կեանքին, մանաւանդ` թատերական մարզին մէջ, որուն նուիրած էր դեռ երիտասարդ տարիքէն:
Իր մահով սփիւռքի մտաւորական ընտրանիին արժէքաւոր ներկայացուցիչներէն մէկն է, որ կ՛անհետանայ, անոնցմէ, որոնք գիտցած են միշտ «ներկա՛յ» ըլլալ հոն ուր հայ մշակոյթին պէտք էր ծառայել:
Նշանաւոր Հայ Ճարտարապետ Մը
Բարսեղ Տիարեան
«Թրիպիւն տը Ժընեւ» 24/4/64, կը գրէ.-
Ժընեւի կառուղիներու շինութեան պատասխանատու գործը յանձն առած է հայ ճարտարապետ մը` Բարսեղ Տիարեան. ան կիրարկած է հաշուական նոր մեթոտ մը, որ ելեկտրոնային ուղեղի օգտագործումով կը դիւրացնէ շեղակի, կոր կամ խաչաձեւ կամուրջներու կառուցումը: Հաշուական այս մեթոտով քանի մը ժամերու ընթացքին կը լուծուի երեք հարիւր անծանօթներու հաւասարութիւններու հարցը: Առանց այս մեթոտին` անկարելի պիտի ըլլար յիշեալ կամուրջներու կառուցումը: Կարելի պիտի ըլլար երկարամենի աշխատանքներէ ետք:
Իր կարգին` «Ժուռնալ տը Ժընեւ», 23/Դ/64, կը գրէ.-
Բարսեղ Տիարեան ի գլուխ հանեց գիտական այն հաշիւները, որոնք կարելի պիտի դարձնեն զուիցերիական հողամասին վրայ շեղակի, կոր կամ խաչաձեւ կամուրջներու շինութիւնը: Բարսեղ Տիարեան օգտագործեց ելեկտրոնային ուղեղը` իր ջանքին յաջողութեան համար: Առանց այս հնարամիտ ճարտարապետին` հարկ պիտի ըլլար սպասել երկար տարիներ, նոյնիսկ դարեր, նման յանդուգն ծրագիրներու իրագործման համար:
Հայկ Թիւրքեան
Ցաւով կը տեղեկանանք, որ Համպուրկի մէջ մայիս 22-ին մեռած է Հայկ Թիւրքեան, կարճատեւ հիւանդութենէ ետք: Հանգուցեալը Հայաստանի անկախութեան տարիներուն հիւպատոսական պաշտօն վարած է Վրաստանի մէջ: Երկար ատենէ հաստատուած էր Համպուրկ, ուր կը զբաղէր ծխախոտի գործով: Որոշ աշխատանք կատարած է հայերը ծանօթացնելու համար գերմաններուն, Համպուրկի թերթերուն մէջ հրատարակուած յօդուածներով: Հայկական երաժշտութեան նուիրուած երգահանդէս մըն ալ կազմակերպած է տարիներ առաջ:
Հայկազեան Քոլեճի Ամավերջի Հանդէսը
Երէկ` հինգշաբթի, 19 յունիս 1964, երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ Հայկազեան քոլեճի ամավերջի հանդէսը` քոլեճի բակին մէջ:
Յաջորդաբար խօսք առին Զենաս Իլանճեան (արաբերէն), վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան (հայերէն) եւ տնօրէն տոքթ. Ճոն Մարգարեան (անգլերէն):
«Պսակաւոր արուեստից» վկայական ստացան հետեւեալ հայերը.
Անի Պալեան, Ճորճ Աբէլեան, Գէորգ Պէրպէրեան, Մկրտիչ Պօղոսեան, Թագուհի Ճերեճեան, Մարտիրոս Հերկելեան, Հրաչ Քահքեճեան, Հռիփսիմէ Գափլանեան, Հայկանուշ Մարգարեան, Պետրոս Շեմմեսեան, Նելլի Թըրբանճեան, Ալիս Ոսկերիչեան եւ Անահիտ Եագուպեան:
«Սոֆոմոր»-ի վկայական ստացան` Անի Աբէլեան, Լորա Արսլանեան, Աղաւնի Աշըգեան, Յովհաննէս Պզտիկեան, Մարի Տէր Յակոբեան, Արսինէ Տէր Յովհաննէսեան, Արփի Ղարիպեան, Ժան Ժաք Կիւվլեքճեան, Նշան Քիւլլիւքեան, Հրայր Սահակեան, Նորա Սալիպեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Գեղամ Թաշճեան, Լուսին Թոփճեան եւ Ժիրայր Զենեան:

