Քրիստափոր Քոլոմպոսին Նաւը Գտնուա՞ծ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամերիկացի հնագէտներ կը հաւատան, թէ Հայիթիի ջուրերուն մէջ գտած են մնացորդները Սանթա Մարիայի` այն նաւուն, որուն միջոցով Քրիստափոր Քոլոմպոսը Ամերիկան գտաւ 1492 թուականին:

Նաւը ընկղմած էր 1492-ի Կաղանդին: Երկու ամիս առաջ Քրիստափոր Քոլոմպոս եւ իրեն ընկերակցող 90 նաւաստիները հասած էին Պահամասի ծովափը` հաւատալով, որ հասած էին Հնդկաստան:

Manga_santa-maria-1

*
*   *

Manga_santa-maria-2Փնտռտուքներուն պատասխանատու ընդծովեայ հնագիտութեան մասնագէտ Պարի Քլիֆորտ նաւուն առաջին հետքերը գտած էր 2003 թուականին: Ջուրին մակերեսէն հազիւ 5 մեթր խոր, ան նշմարած էր ժայռերուն կախուած նաւու մը բեկորները: Ան նկարած էր ընկղմած նաւուն շուրջ տարածուած բազմաթիւ առարկաներ. անոնց մէջէն կարելի է յիշել թնդանօթ մը, որ հետագային անհետացաւ (արդեօք գողցուեցա՞ւ…): Սակայն այս փնտռտուքները շատ համոզիչ չէին. հետեւաբար Քլիֆորտ շատ մանրակրկիտ ձեւով կը սկսի կարդալ եւ ուսումնասիրել Քրիստափոր Քոլոմպոսի նաւուն վրայի ճամբորդութեան ընթացքին պահած օրատետրը` յուսալով նշաններ գտնել: Այս ձեւով է, որ ան կը գտնէ փորագրանկար մը, որ կը ներկայացնէ Սանթա Մարիայի վրայ գտնուած թնդանօթ մը: Այս փորագրանկարին մէջի թնդանօթը կը համապատասխանէ Քլիֆորտի` ջուրին տակ նկարած թնդանօթին: Առաւել, ընկղմած նաւուն մեծութիւնը նաեւ կը համապատասխանէ Սանթա Մարիային չափերուն` 25 մեթր երկայնք 8 մեթր լայնք:

*
*   *

Manga_santa-maria-3Ամերիկացի հնագէտը կը բացատրէ, որ այս յայտնագործումը իրեն համար Էվերեսթի համապատասխան է: Ամերիկային գտնուելէն 522 տարիներ ետք Սանթա Մարիան առասպելական նաւ մը դարձած էր: Քլիֆորտ կը յուսայ նաւուն մնացորդները ջուրէն դուրս հանել` առանց անոնց վնաս հասցնելու, իր ուսումնասիրութիւնները շարունակելու համար: Ապա ան կը մաղթէ, որ նաւը ցուցադրուի Հայիթիի թանգարանի մը մէջ, որպէսզի զբօսաշրջիկները գան այցելելու այս աղքատ երկիրը: Սակայն կարգ մը մասնագէտներ համոզուած չեն: Ըստ անոնց, ամերիկացի հնագէտին գտածը ո՛չ մէկ կապ ունի Սանթա Մարիային հետ, որ շատոնց ծառայած է հայիթեան հողին վրայ սպանական ամրոց մը շինելու:

Քլիֆորտ շատ ինքնավստահ է. բոլոր աշխարհագրական, տեղագրական եւ հնագիտական տուեալները կու գան, հաստատելու, որ այդ նաւը նշանաւոր Սանթա Մարիան է: Հետեւաբար աւելի խոր ուսումնասիրութիւններ պէտք է կատարուին այս հարցը լուծելու համար:

 

Ո՞ր Երկրին Մէջ Ամէնէն
Շատ Լեզուներ Կը Խօսին

Manga_lezouՓափուազիւ Նիւ Կինէայի մէջ, Ովկիանիա:

Հոն կան աւելի քան 820 լեզուներ եւ բարբառներ: Ասիկա կը համապատասխանէ աշխարհի վրայ խօսուած 4 լեզուներէն մէկուն: Անգլերէնը երկրին պաշտօնական լեզուն է, սակայն թոք փիսին եւ հիրի մոթուն ամէնէն շատ խօսուած լեզուներն են:

Այս երկիրը կը տարածուի մեծ կղզիի մը` Նիւ Կինէայի մէկ բաժինին վրայ: Անիկա կ՛ընդգրկէ նաեւ ուրիշ աւելի փոքր կղզիներ` Նիւ Պրիթըն, Նիւ Այրլընտ, Պուկենվիյէ…

*
*   *

Փափուազի Նիւ Կինէայի տեսարանները շատ տարբեր են` ճահճային բուսականութիւն, բուստերու ժայռեր, խիտ անտառներ, բարձր լեռներ, հրաբուխեր… Կարգ մը շրջաններ, ուր դժուար է հասնիլ, տակաւին չեն հետախուզուած:

Կլիման տաք է եւ խոնաւ ամբողջ տարին: Աշխարհի վրայ իւրայատուկ անասուններու եւ բոյսերու տեսակներ կ՛ապրին այդ երկրին մէջ:

*
*   *

Manga_lezou-3Manga_lezou-4Հարիւրաւոր ցեղախումբեր կ՛ապրին Փափուազի-Նիւ Կինէայի մէջ. փափուները, մելանեզինները, նեկրիթոսները, միքրոնեզիէնները եւ եւրոպացիներ: Կարգ մը ժողովուրդներ միայն հարիւրաւոր մարդոցմէ կազմուած են, սակայն անոնք ունին իրենց յատուկ լեզուն: Տակաւին մինչեւ յիսուն տարիներ առաջ կարգ մը ցեղախումբեր իրարու հետ կը պատերազմէին:

*
*   *

Manga_lezou-5Մեկուսացուած շրջաններուն մէջ փափու ցեղախումբեր տակաւին կ՛ապրին ինչպէս հազարաւոր տարիներ առաջ. անոնք հողը կը մշակեն, խոզեր կը պահեն, պտուղներ կը քաղեն եւ կ՛որսան: Տօներու ընթացքին փափուները իրենց դէմքերը եւ մարմինները կը ներկեն, դիմակներ եւ գոհարեղէններ կը կրեն:

*
*   *

– Տարածք` 463,000 քառ. քմ

– Բնակչութիւն` 6,4 միլիոն

– Մայրաքաղաք` Փորթ Մորըզպի

– Դրամ` քինա

 

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

 

Օձերը կոպեր չունին:

Օձերը կոպեր չունին:

Ծովափիղերը կրնան մինչեւ երկու ժամ ջուրին տակ մնալ:

Ծովափիղերը կրնան մինչեւ երկու ժամ ջուրին տակ մնալ:

 

 

 

 

 

 

 

Քուպայի մէջ մարդ մը շինեց փիղի մը չափ բարձր հեծիկ մը:

Քուպայի մէջ մարդ մը շինեց փիղի մը չափ բարձր հեծիկ մ

Նեփալը աշխարհի միակ երկիրն է, որուն դրօշակը քառանկիւն չէ:

Նեփալը աշխարհի միակ երկիրն է, որուն դրօշակը քառանկիւն չէ

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

  • Հավայեան կղզիներու մէջ գոյութիւն ունի կանաչ աւազով ծովափ մը:
  • «Թայթանիք» նաւուն հետ մօտաւորապէս 34,019 քիլօ միս ընկղմեցաւ:
  • Միջին հաշուով տուն մը աւելի շատ օդի ապականում կ՛արտադրէ քան ինքնաշարժ մը:
  • Յօրանջները աւելի փոխանցիկ են ընտանիքի մը անդամներուն միջեւ, քան` օտարներու միջեւ:
  • Ամերիկեան նպարավաճառի խանութի մը մէջ կարելի է գտնել միջին հաշուով 50 հազար ապրանքի տեսակներ:
  • Ելակները կը պատկանին վարդերու ընտանիքին:
  • Չինաստանի մէջ թիւ 4-ը դժբախտութիւն բերող թիւ կը սեպուի:
  • Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ գոյութիւն ունի ուղտերու գեղեցկութեան մրցում մը, որ կը կայանայ ամէն տարի:
  • Երկրագունդը ժամանակին, 0,1 միլիոներորդ երկվայրկեան աւելի արագ սկսաւ դառնալ երկու շաբթուան ընթացքին:
  • Կծու պղպեղի հունձք մը աւելի կծու պղպեղներէ կազմուած կ՛ըլլայ, երբ նուազ անձրեւած ըլլայ:
  • Հնդկաց ովկիանոսին մէջ Սէյշել կղզիներուն վրայ աւելի կրիաներ գոյութիւն ունին, քան մարդիկ:
  • Լուսինին վրայ գնդակ մը կրնայ վեց անգամ աւելի հեռու երթալ, քան` երկրագունդին վրայ:
  • Միայն էգ մժեղները կը խայթեն:
  • Գոյութիւն ունի ծովամայրի տեսակ մը, ուր կրնայ չափահաս վիճակէն դարձեալ ձագի վիճակին վերադառնալ:
  • Տակաւին մինչեւ 100 տարիներ առաջ ակռայի կարգ մը խոզանակներ շինուած էին խոզի ստեւներով:
  • Երբեմն տաք խմիչք մը աւելի արագ կը զովացնէ,  քան` պաղ խմիչք մը:

 

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել տան հասցնող ճամբան, անշուշտ` խուսափելով գայլերէն:

Կրնա՞ս գտնել տան հասցնող ճամբան, անշուշտ` խուսափելով գայլերէն:

Քանի՞ անասուն կը տեսնես այս պատկերին մէջ:

Քանի՞ անասուն կը տեսնես այս պատկերին մէջ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կէտերը իրարու միացուր գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կէտերը իրարու միացուր գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս այս անասունները շարել ամէնէն փոքրէն ամէնէն մեծը:

Կրնա՞ս այս անասունները շարել ամէնէն փոքրէն ամէնէն մեծը:

Կրնա՞ս զանազանել այն 6 անասունները, որոնք կը կազմեն այս տարօրինակ էակը:

Կրնա՞ս զանազանել այն 6 անասունները, որոնք կը կազմեն այս տարօրինակ էակը:

Share this Article
CATEGORIES