ՍԵՐՊ ՃՈՐՃ ՓԵԹՐՈՎԻՉ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՍՏԱՆՁՆԵՑ ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ԽՈՒՄԲԻ ՄԱՐԶԻՉԻ ՊԱՇՏՕՆԸ

ՅԱԿՈԲ ՔԷՇԻՇԵԱՆ ԵՒ ԿԻ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՇԵՇՏԵՑԻՆ.
«ՀՄԸՄ-Ի ՆՈՐ ԷՋԸ
ԲԱՑՈՒԱԾ ԿԱՐԵԼԻ Է ՆԿԱՏԵԼ»

Երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբին նոր մարզիչը` սերպ Ճորճ Փեթրովիչը:

Ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները, Լիբանանի ողիմպիականի կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Էլի Սրապոնեան, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբի գլխաւոր հովանաւոր «Զարտման» ընկերութեան սեփականատէրերէն Կի Մանուկեան, լիբանանցի լրագրողներ եւ հրաւիրեալներ:

Լիբանանի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, օրուան խօսքը արաբերէնով փոխանցեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ ըսաւ.

«Սիրելի՛ հրաւիրեալներ եւ ներկաներ, կ՛ողջունենք ձեզ եւ կը յուսանք, որ մեր ապագան ըլլայ միշտ լուսաւոր: Այսօր, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբին համար կը բացուի նոր էջ մը, իր նոր սերպ մարզիչին` Ճորճ Փեթրովիչի հետ: Անոր հետ պիտի սկսինք մեր փայլուն ապագային առաջին էջը բանալ եւ անոր ընդմէջէն զօրակցիլ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Իր հիմնադրութենէն` 1924-էն ի վեր, ՀՄԸՄ կը հանդիսանայ լիբանանեան մարզաշխարհին մէկ կարեւոր մասնիկը, որ միշտ ալ բարձր կը պահէ ՀՄԸՄ-ի եւ լիբանանեան դրօշները` տեղական թէ միջազգային գետնի վրայ: ՀՄԸՄ-ին նորանոր յաջողութիւններ մաղթելէ բացի, վստահ ենք, որ ան յառաջիկայ տարեշրջանի աւարտին պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ, որ անոր իսկական տեղն է: Նոր մարզիչին` Փեթրովիչին կը մաղթենք փայլուն ապագայ, եւ վերջապէս, խումբին հովանաւոր ընկերութեան «Զարտման»ին մնայուն վերելք` կազմին հետ: Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին` այս հրաւէրին ընդառաջելու համար»:

Ապա, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը Փեթրովիչին նուիրեց խումբին շապիկը, որուն վրայ գրուած էր անոր անունը:

Երկրորդ խօսք առնողը եղաւ նոր մարզիչ Փեթրովիչ, որ ըսաւ. «Որքան տեղեակ եմ, ՀՄԸՄ Լիբանանի պատմութեան մէջ իր անունը արձանագրած է ոսկի տառերով` գրեթէ բոլոր մարզաձեւերուն մէջ: Այժմ ես նշանակուած եմ մարզիչ եւ խումբը լաւապէս պատրաստելու պարտականութիւնը ունիմ: Ինչ ալ ըլլան պայմանները, իմ ամէն կարելիս պիտի ընեմ` խումբին հետ հանդիսանալ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ 2012-2013 տարեշրջանին ամէն գնով մաս կազմելու Ա. դասակարգին: Կը յուսամ, որ ձեր յոյսերը ի դերեւ չեմ հաներ»:

Վերջին խօսք առնողը եղաւ Կի Մանուկեան, որ ըսաւ. «Նախ եւ առաջ, Մանուկեան եղբայրներուն կողմէ եւ «Զարտման» ընկերութեան միջոցով, յաջողութիւն կը մաղթենք ՀՄԸՄ-ին` իր նոր մարզիչին հետ: Խումբին գլխաւոր հովանաւորը ըլլալը մեզի համար մեծ պատիւ մըն է, որովհետեւ այն, ինչ որ տուաւ մեզի ՀՄԸՄ-ը, զայն կը վերադարձնենք իրեն: Ինծի համար ՀՄԸՄ-ը ամէն բանէ վեր կը մնայ, որովհետեւ տասը տարեշրջան անոր շապիկը կրելով եւ Ա. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցելով կը զգամ, թէ ինչ կը նշանակէ ՀՄԸՄ-ը: Այս առիթով կու գամ յայտարարելու, որ ՀՄԸՄ իր նոր տարեշրջանին պիտի սկսի իր նախկին մարզիկներէն Երուանդ Աւագեանի եւ Մարիօ Ապպուտի հետ, որոնք ՀՄԸՄ-ի նոր միացած մարզիկները հանդիսացան: Խօսքս չեմ ուզեր երկարել: Իբրեւ վերջաբան պարզ ու յստակ, սակայն ինքնավստահօրէն կու գամ ըսելու, որ 2011-2012 տարեշրջանին ՀՄԸՄ-ի տղաքը պիտի հանդիսանան Բ. դասակարգի ախոյեան, իսկ ատկէ ճիշդ տարեշրջան մը ետք` Լիբանանի ախոյեան: Շնորհակալութիւն ձեր բոլորին` այս հրաւէրին ընդառաջելու համար»:

Ապա, հարցումներ ուղղուեցան թէ՛ նոր մարզիչին եւ թէ՛ Կի Մանուկեանի, որոնք ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն թելադրեցին մէկ բան. սպասել` տեսնելու համար անցեալի զօրաւոր ՀՄԸՄ-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES