ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԹՈՒՐՔ – ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ ՄՆԱՑԻՆ, ՍԱԿԱՅՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

«Մաւի Մարմարա» նաւը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին յայտնեց, որ 31 մայիս 2010-ին դէպի Կազա ուղղուած նաւատորմիղին մաս կազմող թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան ուժերու յարձակումին շուրջ ՄԱԿ-ի յատուկ յանձնախումբի զեկուցումի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի-Մունին յանձնման թուականը յետաձգուած է, որովհետեւ Նիւ Եորքի մէջ բանակցող թրքական եւ իսրայէլեան կողմերը չեն յաջողած համաձայնութիւն մը գոյացնել: Կողմերը կը ջանային զեկուցումին հրապարակումէն առաջ միացեալ յայտարարութեան մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կողմերը համախոհութիւն գոյացուցա՞ծ են, թուրք պաշտօնատարը նշած է. «Տակաւին այդտեղ չենք հասած»:

Թրքական այլ աղբիւր մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ ո՛չ Իսրայէլ, ո՛չ ալ Թուրքիա ստորագրած են ՄԱԿ-ի զեկուցումը: ՄԱԿ-ի բանբեր Մարթին Նսրիքի երեքշաբթի օր լրագրողներուն յայտնած էր, որ զեկուցումին հրապարակման համար յաւելեալ ժամանակի կարիքը կայ: «Կը կարծեմ, որ տակաւին չենք հասած այն կէտին, ուր զեկուցումը կրնայ յանձնուիլ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ «Իսրայէլ պէտք է ներում հայցէ եւ հատուցում վճարէ: Այս է հարցին նկատմամբ մեր սկզբունքային կեցուածքը», իսկ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման անոր յայտարարութեան հակազդելով նշած էր, որ «Ներում հայցելը փոխզիջում չէ, այլ` վարկաբեկում եւ իսրայէլեան բանակի զինուորներու լքում: Կը ցաւինք որեւէ ազգութենէ մարդոց կեանքին կորուստին համար: Բաներ կան, զորս կրնանք քննարկել եւ ուրիշներ` ոչ: Չենք կրնար քննարկել բաներ, որոնք Իսրայէլի վնաս պիտի պատճառեն: Ազգային պատիւը իսկական նշանակութիւն մը ունի: Մենք թրքական կողմէն ալ ճկունութիւնը կը սպասենք»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES