Սերժ Գալուստեանի Յիշատակին
ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այսօր տարելիցդ է արդէն: Տարեդարձիդ զուգադիպող մահուանդ օրը կրկնակի տրտունջք կը պատճառէ բոլորիս:
Տարի մը անցաւ արդէն: Դժուար է համոզուիլ եւ բնական ձեւով շարունակել: Դժուար է յիշատակները անձին հետ թաղել… Մարդկային զգացումները ունին այնպիսի զգայարանք մը, որ անոր ամբարած յիշատակները չես կրնար մէկ օրէն միւսը համակարգիչի մէկ ծրագիրի մը նման ջնջել: Յիշատակները կը տողանցեն հոգիիդ մէջ: Երբեմն ամէն օր, երբեմն` պարբերաբար: Երբեմն ձայն մը, նկար մը դէպք մը կը կապէ անոր եւ այնպէս կը չարչրկէ հոգիդ:
Կը կարծես, թէ ամէն բան բնականոն կ՛ընթանայ: Կը կարծես, թէ կեանքը կը շարունակուի: Սակայն խորքին մէջ իրականութիւնը այն է, որ ամէն բան առանց անոր ներկայութեան ուրիշ ձեւով կ՛ընթանայ… Դուն քեզ կը համոզես, որ կ՛ընթանայ… բայց այդպէս չէ: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ դժուարութիւնները բացակայութեամբդ աւելի դժուար կ՛ըլլան: Ուրախութիւնները բացակայութեամբդ աւելի նուազ ուժգնութիւն կ՛ունենան: Երազները բացակայութեամբդ միակողմանի կ՛ըլլան, եւ մենք ամէն օր այդ մէկը կը զգանք, ո՜ւր մնաց քու ընտանիքդ…
Կեանքը շարունակուեցաւ եւ պիտի շարունակուի` ուզենք թէ չուզենք:
Մեր շուրջ մարդիկ քիչ մը աւելի նիւթապաշտ դարձան: Մեր շուրջ մարդիկ քիչ մը աւելի հաճոյակատար եղան: Մեր շուրջ մարդիկ վերիվայրումներ ապրեցան: Սակայն, միւս կողմէ ալ անկեղծ բարեկամութիւնները հոգիները հարստացուցին…
Այսօր մէկ տարի անցաւ, Սե՛րժ: Մենք տակաւին շաբաթ օրերը կը հանդիպինք: Երբեմն կենացդ կը խմենք: Երբեմն կը յուզուինք: Երբեմն ալ կը մտածենք, որ կեանքը ուրիշ ի՜նչ անակնկալներ պահած է մեզի:
Զրուցելը կարօտցած ենք: Դուն, որ կը սիրէիր զրոյցը: Լաւ զրուցակից էիր: Կը հաւատայիր գործին: Շարունակականութեան: Այդպէս ալ գործեցիր բոլոր բնագաւառներու մէջ: Ընդհանուր վարիչ մարմինի, կոմիտէի, աւելի ուշ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան մէջ:
Գործնապաշտ էիր: Այդպէս ալ դիմագրաւեցիր հիւանդութիւնդ: Արա՛գ, գործնակա՛ն, կտրո՛ւկ: Սակայն այս անգամ ճակատագիրդ ուրիշ բան կը սպասէր:
Անակնկալ մեկնումովդ առանձին ձգեցիր մայրդ, Արինը, Նանին եւ Պետոն: Առանձին կ՛ըսեմ, որովհետեւ հակառակ բոլոր բարեկամներու եւ ազգականներու շրջապատումին, քու ներկայութիւնդ տարբեր էր եւ տարբեր ալ պիտի մնայ: Բան մը, որ մխիթարուիլը դժուար է: Վարժուիլը ահաւոր: Ընդվզիլը անիմաստ: Ընդունիլը լեղի:
Բան մը, որ ո՛չ ժամանակը, ո՛չ ալ կեանքը պիտի վարժեցնեն: Բան մը, որ խորքին մէջ հետդ տարիր: Գաղտնիք մը, որ մահուանդ օրը զգացինք:
Մահդ տակաւին ծանր կը կշռէ մեր սիրտերուն վրայ:

