2014-ի Մոնտիալ. Սպանացիներուն 69 Առ Հարիւրը Կը Փափաքի Տել Պոսքէին Մեկնումը
Սպանական «Մարքա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ սպանացիներուն 69 առ հարիւրը կը փափաքի Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէի մեկնումը, որովհետեւ անոնց համաձայն, ան է գլխաւոր պատճառը 2014-ի Մոնտիալին Սպանիոյ արձանագրած ձախողութիւններուն:
Այդ հարցախոյզին, որ կազմակերպուած էր «Մարքա»-ին կողմէ, մասնակցած է 150 հազար անձ:
Ատկէ բացի, հարցախոյզին մասնակիցները կը յայտնեն, որ այսուհետեւ ինչ ալ ըլլան պայմանները, ազգային խումբ պէտք չէ որ հրաւիրուին Չաւի, Տաւիտ Վիյա եւ Ֆեռնանտօ Թորես:
CATEGORIES Մարզական

