2014-ի Մոնտիալ. Ռոնալտոյի Ֆութպոլիստի Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Աւարտի… Եթէ Ան Մրցաշարքին Մասնակցի
Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին բժիշկը` Ժոզէ Քարլուշ Նորոնիա, իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին պնդեց, որ եթէ փորթուգալցի վիրաւոր յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2014-ի Մոնտիալին իր մասնակցութիւնը բերէ, անոր համար ֆութպոլիստի ասպարէզը վերջնականապէս աւարտած պիտի ըլլայ:
Ռոնալտօ, որ լաւապէս ապաքինելու համար երկու ամսուան կը կարօտի, եթէ դաշտ ներկայանայ, ինքզինք վտանգի դիմաց դրած պիտի ըլլայ, կ՛ըսէ բժիշկը:
Սակայն, հակառակ այս խրատներուն, այնպէս կը թուի, որ Ռոնալտօ որոշած է դաշտ ներկայանալ եւ շարունակել Մոնտիալը, թէեւ ազգային խումբի իր խմբակիցներուն հետ շատ քիչ փորձեր կը կատարէ:
CATEGORIES Մարզական

