«Կոկիկեան» Հիմնարկ. Աղբի Վերամշակումով Պատրաստուած Արուեստի Գործերու Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին եւ հովանաւորութեամբ կենսոլորտի նախարարութեան, հինգշաբթի, 19 յունիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Պէյրութ Սուքս»-ի «Տը Վենու» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ 41 հայ եւ լիբանանցի արուեստագէտներու գործերու ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուած էին արուեստագէտներուն կողմէ աղբի վերամշակումներով պատրաստուած արուեստի գործեր:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Արամ Գարատաղլեան, որ շեշտը դրաւ կենսոլորտային ծրագիրներու մշակման եւ գործադրութեան կարեւորութեան վրայ` ի նպաստ ապագայի սերունդներուն, որպէսզի ապագային սերունդները կենսոլորտային մաքուր պայմաններու մէջ ապրին:
Ապա խօսք առաւ կենսոլորտի նախարարութեան ներկայացուցիչ Ղասսան Սաեահ, որ բարձր գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնարկի նախաձեռնութիւնը եւ խոստացաւ, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը նեցուկ կանգնի հիմնարկի ապագայի ծրագիրներուն:
Ապա խօսք առաւ «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհայլա Հայեք, որ բարձր գնահատեց 41 արուեստագէտներու ստեղծագործ աշխատանքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հովանաւորողներուն: Սուհայլա Հայեք շնորհակալութեան խօսք ուղղեց նաեւ «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր մարմինին եւ աշխատակազմին, եւ հանրութեան ներկայացուց հիմնարկին ուսանողները:
Նշենք, որ ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ 28 յուլիս, ամէն օր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

