Արեան Անվճար Քննութիւն` ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնին Մէջ
Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժինին, ուրբաթ, 20 յունիսին «Արեան անվճար քննութեան օր» յայտարարուեցաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ: Արդարեւ, շրջանի թաղամասերուն բնակիչները եկած էին վերատեսութեան ենթարկելու իրենց առողջական վիճակը:
Այս առիթով որդեգրուող միջոցառումներուն գծով «Ազդակ»-ի հարցումներուն պատասխանելով` ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի տնօրէն Վերժին Սարաֆեան-Խորշիտեան ըսաւ. «Կազմակերպեցինք «Առողջապահական օր» նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. վեհափառ 2014-ը յայտարարած է «Տարեցներու տարի»: Այս մասին կոչեր եւ յայտարարութիւններ ըրինք հրաւիրելով վաթսուն տարիքը բոլորած ազգայինները, որպէսզի կեդրոն ներկայանան այսօր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն 12:00-ի միջեւ, արեան անվճար քննութեան համար»: Ոչ հայերու մասնակցութեան, ձեռնարկի գաղափարի որդեգրման ու յառաջիկայ տարիներուն եւս նման քայլեր կրկնելու, օգնականներու մասին հարցումներուն անդրադառնալով Խորշիտեան ըսաւ. «Սկզբունքով հայ ազգայիններու եւ միայն ԼՕԽ-ի յատուկ է այս առիթը, սակայն եթէ ոչ հայեր ալ գան, չենք մերժեր եւ զանոնք ալ կը քննենք: Մօտաւորապէս 200 հոգի կը նախատեսէինք, սակայն արդէն առաւօտեան ժամը 7:00-էն իսկ սկսած է տարեց ազգայիներու ԼՕԽ-ի կեդրոն հասնիլը: Անոնք արեան քննութեան, շաքարախտի ստուգման եւ այլ քննութիւններու կ՛ենթարկուին»: Իր կարգին, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ Շրջանային Առողջապահական յանձնախումբին մօտ Շրջանայինի ներկայացուցիչ` տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան յիշեցուց, թէ այսօր «երկրորդ «Առողջապահական օր»-ն է, որ կը կազմակերպենք, նախորդը անցնող յունուարին «կազմակերպած էինք, անխտիր բոլորին համար եւ ոչ միայն տարեցներուն»: Իսկ կեդրոնի տնօրէնը աւելցուց, որ ԼՕԽ-ը ընդհանրապէս ամէն տարի նման քայլերու կը ձեռնարկէ, ինչպէս օրինակ` կեդրոնին մէջ կազմակերպուող առողջապահական դասախօսութեանց մասնակիցները, դասախօսական շարքի աւարտին ինքնաբերաբար կ՛ենթարկուին արեան անվճար քննութեան, անկախ իրենց տարիքէն: Յուսամ մեր այս քայլով նախազգուշական կարեւոր իրագործում կատարած կ՛ըլլանք, որովհետեւ տարեցներ եղան, որոնք տեղեակ իսկ չէին եւ այսօր այս քննութեամբ իմացան, թէ կը տառապին կարգ մը հիւանդութիւններէ` շաքարախտ, սիրտ, արեան գերճնշում եւ այլն»: «Ի վերջոյ տարեցները մեր ընտանիքի անդամները կը նկատուին», ընդգծեց կեդրոնի տնօրէն Վերժին Խորշիտեան:

