Ռասմուսեն. «Թուրքիան Իրաքի Հարցով ՕԹԱՆ-էն Օգնութիւն Չէ Խնդրած, Սակայն Դաշինքը Պատրաստ Է Օգնելու»

Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն

Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն

Թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է:

Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան տակաւին ՕԹԱՆ-ի չէ դիմած` Իրաքի մէջ տիրող իրավիճակին հետ կապուած օգնութիւն խնդրելու համար: «Սակայն եթէ Թուրքիան կամ մեր դաշնակիցներէն ոեւէ մէկը պաշտպանութեան կարիք ունենայ, մենք կարելի ամէն բան պիտի ընենք», ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ ՏԱՀԵՇ Իրաքի մէջ գրաւած էր շարք մը քաղաքներ: Մուսուլի մէջ իսլամական ծայրայեղական խմբաւորումը գրաւած էր քաղաքին մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանը, եւ աշխատակազմի թուրք ներկայացուցիչները, ներառեալ` հիւպատոսը, պատանդ վերցուցած: ՏԱՀԵՇ նաեւ պատանդ վերցուցած է թուրք վարորդներ եւ աշխատաւորներ:

Share this Article
CATEGORIES