Ռուսիան Եւ Սերպիան Պատրաստ Են Շարունակելու «Հարաւային Հոսք»-ի Ուղղութեամբ Աշխատանքները
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան ռուսական ծառայութիւնը կը գրէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ Ռուսիան եւ Սերպիան պատրաստ են շարունակելու «Հարաւային հոսք» կազի խողովակաշարի նախագիծի աշխատանքները:
«Մենք հաստատած ենք ատոր իրականացման անհրաժեշտութիւնը` իբրեւ հարաւարեւելեան Եւրոպայի մէջ կազային անվտանգութեան համար միակ իրատեսական նախագիծը», յայտնած է ան` իր սերպ գործընկեր Իվիցա Տաչիչի հետ հանդիպումէն ետք:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պուլկարիան Եւրոպական յանձնաժողովի խնդրանքով դադրեցուցած է «Հարաւային հոսք»-ի ուղղութեամբ աշխատանքը` մինչեւ Եւրոպական Միութեան իշխանութիւններու թոյլտուութիւն ստանալը: Ատոր առիթը Եւրոպական Միութեան օրէնսդրութեան նախագիծին անհամապատասխան ըլլալն է:
CATEGORIES Միջազգային

