Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վերահաստատած Է Արցախին Եւ Հայաստանին Ելեւմտական Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Պատրաստակամութիւնը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի յատկացումներու յանձնախումբը ձայներու 25 թեր, 5 դէմ յարաբերակցութեամբ որդեգրած է 2015-ի պիւտճէական տարուան արտասահմանեան օգնութեան օրէնսդրական թղթածրարը, այդպիսով անգամ մը եւս վերահաստատելով Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղին տրամադրուող օգնութեան երկարաժամկէտ ծրագիրին:
«Յանձնախումբը կ՛առաջարկէ նախորդ տարուան յատկացումներուն չափով աջակցութիւն ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապէն վնասուածներուն եւ տագնապին լուծման հետ կապուած ծախսերուն համար: Բացի ատկէ, յանձնախումբը կոչ կ՛ուղղէ հարցին խաղաղ լուծում գտնելու», կը նշուի թղթածրարին զեկուցումին մէջ:
Սակայն յանձնախումբին անդամները չեն ըսած, թէ Միացեալ Նահանգներ ի՛նչ չափի օգնութիւն կը պատրաստեն կովկասեան երկիրներուն: Ասիկա կը նշանակէ, որ ծերակուտականները համակարծիք են երկրի նախագահ Պարաք Օպամայի այն առաջարկին, ըստ որուն, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման պիտի ուղղուի 20.7 միլիոն, զինուորական մարզին` 1.7 միլիոն, իսկ միջազգային զինուորական կրթական ծրագիրներու եւ մարզումներու մարզին` 600 հազար տոլար:
Այսպիսով, նախագահին առաջարկած գումարները կ՛արտօնեն հաւասարութիւն պահպանել Հայաստանին ու Ազրպէյճանին տրամադրուող զինուորական օգնութեան հարցին մէջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի դրացի երկիրներուն կատարուած յատկացումներուն, ապա Օպամա առաջարկած է 9.6 միլիոն տոլարի օգնութիւն տրամադրել Ազրպէյճանի տնտեսութեան, 38.2 միլիոն տոլար` Վրաստանի տնտեսական մարզին, եւ յաւելեալ 10 միլիոն տոլար` վրացի զինուորներու զինուորական կրթութեան ու մարզումներուն ուղղուած ծրագիրներու իրականացման:
24 յունիսին պիտի քննարկուի արտաքին օգնութեան օրէնսդրական թղթածրարի մէկ այլ տարբերակ, որմէ ետք երկու տարբերակները պիտի քննարկուին Ներկայացուցիչներու տան մէջ, ապա պիտի ուղարկուին նախագահին:

