Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Մարտական Յենակէտեր

2006Min-Seyran-OhanianՀայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախանցեալ օր այցելեց Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամիաւորման մարտական դիրքերը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը փոխանցէ, որ պաշտպանութեան նախարարը այցելած է մարտական յենակէտեր, հետեւած է դիրքերու մարտավարական բնագիծի ճարտարապետական բարելաւման եւ յենակէտերու կահաւորման աշխատանքներուն, ծանօթացած է մարտական հերթապահութեան իրականացման առանձնայատկութիւններուն:

Զօրամիաւորման ստորաբաժանումները դիրքերու «զգալի բաժին»-ին մէջ մարտական հերթապահութիւն եւ ճարտարապետական բարելաւման աշխատանքներ կ՛իրականացնեն ծովու մակերեւոյթէն աւելի քան 3.000 մեթր բարձրութեան վրայ:

Սպայական անձնակազմին հետ քննարկման ժամանակ Սէյրան Օհանեան տուած է համապատասխան ցուցմունքներ եւ յանձնարարականներ:

Նախիջեւանի Սահմանին Վրայ
Հայ Զինուոր Մը Սպաննուեցաւ

Երէկ հայ – ազրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ մահացու հրազէնային հարուած ստացած է 20-ամեայ ժամկէտային զինուոր, շարքային Գրիշա Մուրադի Խաչատրեան:

Այդ մասին կը յայտնէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը` աւելցնելով, որ դէպքին մանրամասնութիւնները կը ճշդուին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու ընթացքին զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES