Ազգային Եւ Ժողովրդային Թաղում` Բազմավաստակ Մտաւորական Պօղոս Սնապեանի
Երէկ կէսօրէ առաջ ժամ 11:15-ին, բազմավաստակ գրականագէտ, գրաքննադատ, կրթական գործիչ եւ մտաւորական Պօղոս Սնապեանի դագաղը «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւէն ուսամբաձ փոխադրուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ հանգուցեալ գրականագէտին Ազգային յուղարկաւորութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Պօղոս Սնապեանի ազգային եւ մտաւորական արժանիքներն ու ներկայացուց անոր կենսագրականը:
Ապա Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ յանուն ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի դամբանական խօսքեր արտասանեցին Տիգրան Ճինպաշեան եւ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ցաւակցութիւններէն անմիջապէս ետք վաստակաշատ մտաւորականին մարմինը փոխադրուեցաւ Այնճար հայաւան, ուր կատարուեցաւ Ազգային եւ ժողովրդային թաղում: Խօսքեր առին Վարուժան արք. Հերկելեան եւ Յակոբ Այնթապլեան (վերջինս` ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին անունով), որ յետմահու Պօղոս Սնապեանը պարգեւատրեց Այնճարի շքանշանով:
Հետագային աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք Պօղոս Սնապեանի Ազգային թաղման ընթացքին արտասանուած դամբանական խօսքերուն:

