Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ անհանգստութիւն մը զգաք, անմիջապէս այցելեցէք բժիշկին: Մի՛ ձգձգէք ձեր պարտականութիւնը, որովհետեւ ուշացումը ի վնաս ձեզի կ՛ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մարզանքը մոռցած ըլլալ կը թուիք: Երբեմն կը խանդավառուիք քալելով, ապա կը մոռնաք: Այս ձեւով չէք օգտուիր, եթէ ձեր ծանրութիւնը պակսեցնել կ՛ուզէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մարդոց կարծիքները իրարմէ տարբեր են: Եթէ համախմբումի մը մէջ էք, թոյլ տուէք, որ իւրաքանչիւր անձ իր տեսակէտը յայտնէ: Վերջին խօսողը եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ գլխու ցաւ կամ այլ թեթեւ անհանգստութիւն ունիք, հանգստացէք, վերջին օրերուն ձեր կատարած հեւքոտ աշխատանքին հետեւանքն է այդ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Լաւ նուէր մը վերապահած էք ձեր սիրած անձին: Ան շատ գոհ պիտի մնայ ձեր սիրալիր վերաբերումէն, զոր քիչ անգամ կ՛արտայայտէք ձեր սիրելիներուն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գացէք հոն, ուր կը հրաւիրուիք: Բարեացակամ վերաբերում ունեցէք ձեր գործակիցներուն հետ, որպէսզի աշխատանքը ընթանայ յաջողութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրուան ընթացքին երեք ժում ճաշելը բնական է եւ կենսական: Հարկ է, որ ձեր ճաշելու ժամերը յստակացնէք: Ուշ երեկոյին ծանր մի՛ ընթրէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամական կորուստ մը կրնաք ունենալ անգիտակցաբար: Ձեր դրամապանակին տէրը եղէք: Խուսափեցէք քսակահատներէ կամ շողոքորթ անձերէ: Ձեր աչքերը փակ մի՛ պահէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նոր բնակարան մը ունենալու փափաքը ունիք: Յարմարագոյն վայրը գտնելու համար պէտք է շրջիք քաղաքին մէջ կամ քաղաքէն դուրս: Հեռու մնացէք սուղնոց վայրերէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան: Հետեւեցէք դարմանումի ժամերուն: Կարեւոր է հեռու մնալ ալքոլէ եւ ծխախոտէ, նաեւ` իւղոտ ճաշերէ: Կ՛օգտուիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Համացանցի վրայ արձանագրուած լուրերուն շատ մի՛ հաւատաք: Ոմանք կատակ կ՛ընեն, ինչ որ վնասակար է: Արթուն եղէք, կեդրոնացէք ձեր ասպարէզին վրայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կասկածը վանեցէք ձեր սրտէն եւ միտքէն: Զգուշութեամբ հետեւեցէք օրուան անցուդարձերուն, որպէսզի ձեր տրամադրութիւնը խաղաղ մնայ եւ լաւ աշխատիք:

