2014-ի Մոնտիալ. ՖԻՖԱ-ն Կրնայ Կէտեր Խլել Ռուսիայէն Եւ Խրուաթիայէն
Միջազգային մամուլին համաձայն, Ռուսիոյ եւ Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականները կրնան պատիժներ ստանալ ՖԻՖԱ-էն` նկատի ունենալով, որ 2014-ի Մոնտիալին ընթացքին անոնց համակիրները ցեղապաշտական բնոյթ կրող պաստառներ պարզեցին:
Հաւանական է, որ ՖԻՖԱ-ն այս երկու ֆութպոլի ազգային խումբերէն կէտեր խլէ կա՛մ այս մրցաշարքին, կա՛մ ալ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ընթացքին:
Պատժամիջոցներ կրնան որդեգրուիլ նաեւ Պրազիլի եւ Մեքսիքայի ֆութպոլի ազգային խումբերուն համար` համակիրներուն կողմէ սեռային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ վիրաւորական երգերու երգուելուն պատճառով:
CATEGORIES Մարզական

