Պասքեթպոլի Յիշատակելի Մրցաշարք` Արաբկիրի Մէջ

2006_3+3Իր լուրը քաղելով basket.am կայքէն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ Արաբկիրի մարզադպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ 3×3 պասքեթպոլի «Ամառ-2014» մրցաշարքը, որ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց պասքեթպոլի սիրահարներուն մօտ:

Մրցաշարքին մասնակցեցան տարիքային տարբեր խումբեր:

Աւարտականին իրարու դէմ մրցեցան` «Մետուս» եւ «Աւազակներ» խումբերը: Աւելի փորձառու խաղացողներ ունեցող «Մետուս» յաղթեց 17-13 արդիւնքով եւ տիրացաւ տիտղոսին:

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը այս տարի կը նախատեսէ կազմակերպել նաեւ 3×3 պասքեթպոլի նմանօրինակ շարք մը այլ մրցաշարքեր:

 

Share this Article
CATEGORIES