Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ձերբակալուած Է Օշուիցի Համակեդրոնացման Ճամբարի Նախկին Հսկիչը

2006Auschwitz«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալուած է 89 տարեկան տղամարդ մը, որ եղած է Օշուիցի համակեդրոնացման ճամբարի հսկիչը: Ան կ՛ամբաստանուի նացիներու հետ գործակցելու եւ հարիւր հազարաւոր հրեաներու սպանութեան համար:

Եոհան Պրահեր անունով տղամարդը կը պահուի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվենիա նահանգի բանտերէն մէկուն մէջ: Ան ձերբակալուած է այն բանէն ետք, երբ Գերմանիա նոր ապացոյցներ ներկայացուցած է նացիներու յանցագործութիւններուն անոր մասնակցութեան վերաբերեալ:

1952-ին Միացեալ Նահանգներ ներգաղթած Պրահեր չի հերքեր, որ հսկիչ աշխատած է Օշուիցի մէջ, սակայն կը պնդէ, որ բուն ճամբարի տարածքէն դուրս աշխատած է եւ սպանութիւններուն չէ մասնակցած:

Առայժմ մերժած են զինք ազատ արձակել գրաւի դիմաց, հակառակ անոր որ ան ֆիզիքապէս տկար է:

Share this Article
CATEGORIES