Ըստ Որոշ Գիտնականներու. Երկիր Մոլորակէն Դուրս Կրնայ Գոյութիւն Ունենալ 9 Այլ Քաղաքակրթութիւն
«Ռոսպլաթ»` յղում կատարելով «Ինֆորմինկ»-ին, կը գրէ, որ արդէն երկար տարիներ գիտնականները կը փորձեն հասկնալ` արդեօ՞ք երկիր մոլորակէն դուրս կեանք գոյութիւն ունի` յառաջ քշելով տարբեր վարկածներ:
Գիտնականներուն մէկ մասը կը կարծէ, որ տիեզերքի մէջ առնուազն 9 այլ քաղաքակրթութիւն կայ: Ըստ անոնց, քաղաքակրթութիւններէն առաջին երեքը երկիրի զարգացման միեւնոյն մակարդակին վրայ են, երեքը զարգացման աւելի բարձր մակարդակ ունին, իսկ վերջին երեքը երկիր մոլորակէն մէկ աստիճանով ցած մակարդակի վրայ են:
Անոնք նման եզրակացութեան յանգած են այն գիտելիքներու հիման վրայ, որոնց համաձայն, եղափոխութեան զարգացումները տարբեր կերպ տեղի կ՛ունենան` մէկ ճիւղը պարուրաձեւ կը զարգանայ, միւսը դէպի փակուղի կը տանի, որուն հետեւանքով ոչնչացում տեղի կ՛ունենայ:
CATEGORIES Միջազգային

