Չինաստանի Մէջ Ջրհեղեղէն Շուրջ 60 Հազար Մարդ Վնասուած Է
Lenta.ru կայքը` վկայակոչելով ջրհեղեղներու եւ երաշտի վերահսկումի տեղական ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ կեդրոնական Չինաստանի Հունան նահանգին մէջ շուրջ 57.500 մարդ վնասուած է ջրհեղեղներու պատճառով:
Կը նշուի, որ ջրհեղեղները վնաս հասցուցած են նաեւ բերքին` 4.6 հազար հեկտար տարածքով արտերուն մէջ: Հուայհուա քաղաքին մէջ խաթարուած է փոխադրութեան, ելեկտրականութեան հաղորդման լարերու աշխատանքը, վնասուած են տեղւոյն տուներն ու ջրամբարները:
Օդերեւութաբանները զգուշացուցած են, որ այս շրջանին մէջ անձրեւները պիտի չդադրին եւ պիտի շարունակուին մինչեւ 19 յունիս:
CATEGORIES Միջազգային

