Իսրայէլ Կոլանի Մէջ Պայթումը Դիտաւորեալ Արարք Կը Նկատէ

2206GolanԶոհ մը արձանագրուեցաւ եւ չորս ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Կոլանի բռնագրաւուած հատուածին մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի տասներորդ կայանին, պայթումը սուրիական կողմին մէջ գտնուող հրասանդէ արձակուած ռումբի մը պատճառով էր:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան սպայ մը իսրայէլեան «Ուալահ» կայքին յայտնեց, որ իր նախատեսութեամբ Կոլանի մէջ գտնուող ինքնաշարժը թիրախ դարձած է հակազրահապատ հրթիռի մը եւ ոչ թէ սուրիական կողմէն արձակուած եւ սխալմամբ բռնագրաւեալ տարածքին մէջ ինկած ռումբի մը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը հակադարձելով հրասայլերէ արձակուած ռումբերով հարուածած է սահմանին սուրիական կողմը:

Սպան «Ուալահ»-ին յայտնած է, որ մինչեւ հիմա Կոլանի մէջ կրակ բացող կողմին ինքնութիւնը յստակ չէ, սակայն կը խօսուի, որ կրակը բացուած է ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն, ինչ որ կը նուազեցնէ այն կարելիութիւնը, որ դէպքին ետին Հըզպալլան կամ սուրիական բանակը կանգնած է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը նշեց, որ Կոլանի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, սակայն յառաջիկայ ժամերուն իսրայէլեան բանակին կողմէ յաւելեալ հակադարձութիւն մը չէ բացառուած: Կայանը սակայն ընդգծեց, որ իսրայէլեան բանակը սահմանին վրայ կացութիւնը շիկացնելու նպատակ չունի:

«Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի կայքը հաղորդեց, որ Իսրայէլ դէպքին շուրջ բողոք պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին` աւելցնելով, որ իսրայէլեան զինուորական աղբիւր մը կայքին յայտնած է. «Կը թուի, թէ Կոլանի մէջ պայթումը դիտաւորեալ արարքի մը արդիւնք է»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ դէպքին պատճառով սպաննուած իսրայէլացին Իսրայէլի ապահովութեան նախարարութեան պաշտօնեան էր եւ կը զբաղէր սահմանային ցանկապատին վրայ նորոգութիւններ կատարելով:

 

Share this Article
CATEGORIES