Օպամա. «Ասատը Պարտութեան Մատնելու Կարող Չափաւորական Ընդդիմութիւն Մը Գոյութիւն Չունի»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան «Սի.Պի.էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իշխանութեան բացը օգտագործեց զէնքեր ու ներուժ հաւաքելու եւ գետնի վրայ իր իշխանութիւնն ու ուժը ընդլայնելու համար:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ եթէ Ուաշինկթըն որոշէ Սուրիոյ մէջ չափաւորական ընդդիմութեան ուժերուն աջակցիլ, իշխանութեան այդ բացը գոյութիւն պիտի ունենա՞յ, Օպամա յայտարարեց. «Ասատը պարտութեան մատնելու պատրաստ սուրիական չափաւորական ուժի մը գոյութեան գաղափարը ճիշդ չէ, ուստի ամէն պարագայի իշխանութեան բացը գոյութիւն պիտի ունենայ»:
Ան նշեց, որ իր վարչակազմը շատ ժամանակ վատնած է սուրիական չափաւորական ընդդիմութեան հետ աշխատելով, սակայն Ասատը տապալելու կարող այդպիսի ընդդիմութեան մը գոյութիւնը անիրատեսական եւ «պատրանք» կը թուի ըլլալ:

