Ռաատ. «Տահր Պայտարի Մէջ Արձանագրուած Պայթումը Ահաբեկչութեան Մնացորդացն Է»

2206raadՀաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Տահր Պայտարի մէջ պատահած պայթումը ահաբեկչութեան մնացորդացն է, որ ապաստանած է մեր շրջաններուն մէջ` նկատի ունենալով, որ այդ ահաբեկիչներուն եւ հաւատադրժողականներուն պատասխանատուները անճիտուած են:

Ռաատ յայտնեց, որ այդ մնացորդացները այս հանգրուանին կը գործեն այս կամ այն կազմակերպութեան շահերուն օգտին տրուած հրահանգներով, սակայն պէտք է ըսել, որ «Լիբանանի ապահովութեան դէմ ռազմավարական վտանգն ու Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան վտանգը շրջանցած ենք, եւ ապահովական կացութիւնը կը մնայ հաւասարակշռուած»:

Ռաատ նշեց նաեւ, որ հաւատադրժողական ահաբեկիչները կը ծրագրեն Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմ մը բռնկեցնել, որովհետեւ անոնք կը փափաքին Լիբանանը քար ու քանդ ընել` վստահելով շրջանին մէջ գտնուող երկիրներուն մէջ եղող իրենց տէրերուն:

Ան ընդգծեց լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` հետապնդելու համար ահաբեկչական բոլոր բջիջները` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը եւ անոր զօրակցողները տեղ չունին:

«ՏԱՀԵՇ կը գործէ իսրայէլեան եւ ամերիկեան շահերուն ի խնդիր եւ բուն նպատակը ՏԱՀԵՇ-ը շրջանին մէջ իշխանութեան հասցնել չէ, այլ` զայն չարաշահելը, որպէսզի ամբողջ շրջանը ենթակայ ըլլայ անոնց կամքին», ըսաւ Ռաատ:

Share this Article
CATEGORIES