Ներքին Գործոց Նախարարը Ընդունեց Ապպաս Իպրահիմը
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շաբաթավերջին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մաշնուք յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի քաղաքական երկրաշարժի մը սեմին, իսկ ապահովական ապակայունութիւնը անոր զուգահեռ կ՛ընթանայ:
«Հետեւաբար, անհրաժեշտ է մեղմացնել քաղաքական տարակարծութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ դիմագրաւել երկրին սպառնացող ապահովական վտանգները», ըսաւ Մաշնուք` բարձր գնահատելով երկրին ապահովական կառոյցներուն միջեւ բացառիկ եւ օրինակելի գործակցութիւնը:
Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իրենք շրջանը հարուածող ահաբեկչութեան դէմ մնայուն պատերազմի մէջ են:
Ան հաստատեց, որ պէտք է մնայուն կերպով զգաստ մնալ` իբրեւ ապահովական կառոյցներ եւ լիբանանցիներ, որպէսզի կարելիութիւն ունենանք պաշտպանելու մեր երկիրը:
Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը առկայ է եւ անիկա հետզհետէ կը բարելաւուի ու կ՛ամրապնդուի:
Ան կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը եւ վերջ տալու նախագահական աթոռին թափուր մնալու երեւոյթին:

