Պըրրի. «Ահաբեկչութեան Առաջին Զոհը Զբօսաշրջութեան Մարզն Է, Իսկ Ապահովական Կառոյցին Բանիւ Զօրակցութիւնը Անբաւարար Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք ուրբաթ առաւօտեան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքէն տեղեկութիւններ ստացած էր, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսը կրնար ահաբեկչութեան թիրախ դառնալ: Ան ողջունեց ներքին գործոց նախարարին զգուշացումը, որուն պատճառով մամլոյ ասուլիսը յետաձգուեցաւ:

Պըրրի աւելցուց, որ մտահոգութիւնը կը կայանար այն հաւանականութեան մէջ, որ ականուած անձ մը մուտք գործէր ԵՈՒՆԵՍՔՕ եւ ինքզինք պայթեցնէր` ասուլիսին մասնակիցներուն մէջ:

Պըրրի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան առաջին զոհը երկրին զբօսաշրջութեան մարզն է` աւելցնելով, որ քաղաքական ուժերուն կողմէ ապահովական կառոյցին նկատմամբ բանիւ զօրակցութիւնը անբաւարար է:

Ան յաջողութիւն մաղթեց բանակին եւ ապահովական կառոյցներու պետերուն:

Նշենք, որ Պըրրիի այցելուները «Տիար» օրաթերթին յայտնեցին, որ խորհրդարանի նախագահին համաձայն, ամբողջ Լիբանանը իր միասնականութեամբ, ապագայով եւ ժողովուրդով ահաբեկչութեան թիրախ է:

Միւս կողմէ, ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի սպանութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքացիական պատերազմ կրնայ բռնկեցնել:

Share this Article
CATEGORIES