Հարապթա-Լապուէ Անցարգելին Վրայ Բանակը Ձերբակալեց Օմար Սաթեմը Եւ 4 Ուրիշներ

2206detainedԼիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Հարապթա-Լապուէ անցարգելին վրայ բանակը ձերբակալած է Օմար Մնաուեր Սաթեմը, որ Հարեթ Հրէյքի մէջ կատարուած անձնասպանական գործողութեան հեղինակ Քաթիպա Սաթեմի հօրեղբօրորդին է:

Բանակը ձերբակալեց նաեւ Սաթեմի ընկերացող չորս ուրիշներ, որոնք են Իպրահիմ Ալի Պրայտի (լիբանանցի) եւ Աթալլա Ռաշետ Պըրրի, Ապտալլա Մահմուտ Պաքքուր եւ Ժաուտաթ Ռաշիտ Քամմուն (սուրիացի): Անոնք բոլորը ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամներ են եւ յանձնուեցան համապատասխան մարմիններուն:

Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Իպրահիմ Պասպուս այցելեց Տահր Պայտարի անցարգելը, ուր պատահած էր պայթումը:

Դէպքին վայրէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պասպուս շեշտած էր, որ Պէյրութի մէջ կատարուած ձերբակալութիւնները ոչ մէկ կապ ունին Տահր Պայտարի պայթումին հետ:

Ան ընդգծեց, որ Տահր Պայտարի անցարգելը պիտի հզօրացնեն` քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ի խնդիր:

Նշենք, որ ապահովական աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ Համրայի «Նափոլէոն» պանդոկին մէջ ձերբակալուած կարգ մը կասկածելիներ տակաւին հարցաքննութեան կ՛ենթարկուին:

Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ անոնցմէ մէկը, որ արաբական ծագում եւ ֆրանսական քաղաքացիութիւն կը կրէ, կը գլխաւորէ ահաբեկչական այդ ցանցը:

Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Համրայի մէջ ձերբակալուած ահաբեկիչներուն կարգին կը գտնուի նաեւ սէուտցի մը:

«ՄԱՅԱՏԻՆ» արբանեակայինպատկերասփիւռիկայանը, իրտեղեկութիւններըքաղելովապահովականաղբիւրներէ, յայտնեց, որ «ԺապհաթՆուսրա» կոչուղղածէԼիբանանիմէջիրբոլորանդամներունԱրսալիբարձունքներէնուղղուելուդէպիՍուրիա:

Share this Article
CATEGORIES