Քուէյթի Մէջ. «Լիբանանի Ապահովութիւնը Կայուն Է, Իսկ Տահր Պայտարի Միջադէպը Անցողակի Կը Նկատուի» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Սալամ եւ քուէյթցի իշխանը
Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Քուէյթ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:
Վարչապետ Սալամի ընկերակցեցաւ պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին նախարարներ Պութրոս Հարպ, Աքրամ Շեհայէպ, Ալի Հասան Խալիլ, Ռաշիտ Տըրպաս եւ Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Խտըր Հուլուէ:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի շէյխ Սուպահ Ահմետ Սուպահ իշխանին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քուէյթցի իր պաշտօնակիցին` Ժապեր Մուպարաք Համատ Սուպահի, Արաբական տնտեսական բարգաւաճումի քուէյթեան սնտուկի նախագահ Ապտել Ուահապ Պատրի եւ Տնտեսական բարգաւաճման արաբական սնտուկի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Լաթիֆ Եուսեֆ Համատի հետ:
Քուէյթ կատարած իր այցելութեան աւարտին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ապահովական կացութիւնը որոշ ատենէ մը ի վեր ապակայուն էր, սակայն ներկայիս կայուն է, եւ Ծոցի երկիրներու մեր հարազատները պէտք չէ մտահոգուին Լիբանան կատարուելիք այցելութիւններով:
Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կայուն է եւ Տահր Պայտարի ապահովական միջադէպը անցողակի է, որովհետեւ աւելի լուրջերն ալ պատահած են եւ չեն կրցած Լիբանանի կեանքը կասեցնել:
«Լիբանանի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներ գոյութիւն չունին, այլ կան ահաբեկչական բջիջներ, որոնց դէմ կը պայքարին լիբանանեան ապահովութեան կառոյցները` լիբանանեան միասնական կեցուածքով», ըսաւ ան:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց, որ այս առումով կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի եւ միջադէպի մը տեղի ունենալը չի նշանակեր, որ այդ կացութիւնը շարունակական պիտի ըլլայ:
«Բոլորին համար ծանօթ է, որ շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը տարածուած է, սակայն Լիբանանի մէջ մենք դիմադրողականութիւն ունինք, եւ լիբանանեան ապահովական կառոյցները ճիգ չեն խնայեր բացայայտելու համար ահաբեկչական այդ արարքները, իսկ Տահր Պայտարի անձնասպանական գործողութիւնը չկրցաւ իր նպատակին հասնիլ», ըսաւ Սալամ:
Վարչապետը աւելցուց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը քաղաքական տագնապալի վիճակ մը ստեղծած է` մաղթելով, որ ընտրութիւնները կատարուին եւ Լիբանան վերագտնէ իր քաղաքական կայուն իրավիճակը:
«Լիբանանի քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութիւնը Լիբանանի կայունութեան հիմնական երաշխիքը կը նկատուի», շեշտեց ան:
Վարչապետը աւելցուց, որ ինք նաեւ քննարկած է Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ ինք Քուէյթ ուղղուած է ոչինչ պահանջելու համար:
Նշենք, որ օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալուն ընթացքին կառավարութեան որդեգրելիք աշխատանքային մեքանիզմին շուրջ տարակարծութիւնները փարատած են:

