Ազրպէյճանական Կողմը Կը Սաստկացնէ Զինադադարի Դրութեան Խախտումը
Նախորդ շաբաթավերջին հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին վրայ կրակոցներ եղած են: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Երկիր»-ին տեղեկացուցած է, որ հակառակորդին կողմէ կրակոցները եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի հայկական դիրքերուն եւ սահմանամերձ բնակավայրերուն վրայ: Հայկական կողմի պատասխան կրակոցներէն ետք հակառակորդը ստիպուած եղած է դադրեցնելու կրակը: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները լուրեր տարածած են, որ նշեալ դէպքին պատճառով անոնք 2 զոհ տուած են:
Յատկանշական է, որ գրեթէ նոյն ժամերուն, երբ ազրպէյճանական կողմը կրակոցներ կ՛արձակէր Տաւուշի մարզի դիրքերուն եւ բնակավայրերուն ուղղութեամբ, միաժամանակ ներթափանցման գործողութիւններ կը կազմակերպէր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտունի շրջանի 3-րդ պաշտպանական շրջանի ուղղութեամբ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական կողմը ունի մէկ զոհ:

