Հրանդ Տինքի Սպանութեան Հարցով Դատավարութիւնը Յետաձգուած Է

Պոլսոյ մէջ շարունակուած է Տրապիզոնի ոստիկանութեան նախկին պետ Ալի Օզի դատը, որ կը կասկածուի 19 յունուար 2007-ին տեղի ունեցած «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչուող կարգ մը փաստեր թաքցնելու յանցանքին մէջ:

«akunq.net» կը հաղորդէ, որ դատավարութեան նիստէն բացակայած են Ալի Օզ, Հրանդ Տինքի ընտանիքին փաստաբանը եւ Օզի փաստաբանը: Դատական նիստը յետաձգուած է, յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 11 սեպտեմբեր 2014-ին:

Share this Article
CATEGORIES