«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ ՈՐԵՒԷ ՈՂՋՄԻՏ ԱՌԱՋԱՐԿ» Կ՛ԸՍԷ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան երէկ Շիրակի մարզին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են ընդդիմութեան հետ քննարկելու որեւէ ողջմիտ առաջարկ եւ նոյնիսկ զիջումներու երթալու:
«Երկխօսութեան վերաբերեալ մեր մօտեցումները յառաջիկային պիտի յայտարարենք, սակայն կ՛ուզեմ ըսել, որ երկխօսութեան ձեւաչափը մեզի համար ընդունելի է, եւ նոյնինքն այդ է հանդուրժողականութիւնը», ըսաւ ան` անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն հաւանական երկխօսութեան նիւթին:
Ազգային ժողովի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Ազգային ժողովի ամպիոնը պատրաստ է դարձնելու բազմակարծութեան ամպիոն:
Ինչ կը վերաբերի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Աբրահամեան յայտնեց, որ իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի խորհրդարանական այդ ընտրութիւնները ըլլան ազնիւ, թափանցիկ եւ առանց խախտումներու: «Ամէն ինչ պիտի ընենք, որ որոշակիօրէն Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը բարձր տոկոսներ ստանայ, ինչ որ պիտի ըլլայ մեր աշխատանքին արդիւնքը: Իսկ եթէ վատ աշխատինք եւ ցած տոկոսներ ստանանք, ուրեմն որեւէ մէկուն վրայ մեղքը դնելը տուեալ պարագային սխալ է», նշեց Յ. Աբրահամեան:


