ՀԻՄՆԱՐԱՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՅԱՑՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ՃՇԴԵԼՈՎ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՊԷՏՔ Է ԿՐԿՆԱՊԱՏԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ՋԱՆՔԵՐԸ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՄԻՆՉԵՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷՇԹԸՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն Եւրոպական խորհրդարանին մէջ արտասանած իր խօսքին ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան պէտք է կրկնապատկեն իրենց ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու համար:
«Ղարաբաղեան տագնապի հարցով որոշման գոյացման ժամանակը եկած է: Դժբախտաբար, Քազանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն ակնկալուած բեկումը չարձանագրուեցաւ: Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահները չկրցան օգտուիլ ընձեռուած կարելիութենէն, որպէսզի հասնին փոխզիջումին», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ կողմերը պէտք է հաւատարիմ մնան տագնապը դիւանագիտական ճամբով լուծելու սկզբունքին:
«Կողմերը պէտք է կրկնապատկեն ջանքերը, որպէսզի համաձայնութեան հասնին մինչեւ տարուան վերջը», ըսաւ Էշթըն` ընդգծելով, որ 2012-ին Հայաստանի մէջ, ապա նաեւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները կրնան դանդաղեցնել բանակցային հոլովոյթը:
Էշթըն նաեւ յայտարարեց, որ սթաթիւս քոյի պահպանումը անընդունելի է եւ տագնապին լուծումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանի զարգացման վրայ:
«Այս տագնապին խաղաղ լուծումը Եւրոպական Միութեան համար առանցքային ռազմավարական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, այդ տագնապի լուծումը կարելիութիւն պիտի տայ Հարաւային Կովկասը տնտեսական կայունութեան ուղիի վրայ տեղափոխելու: Սահմանները կրնան բացուիլ ոչ միայն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի, այլ նաեւ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, եւ այդպիսով շրջանի պետութիւնները կրնան իրարու աւելի մօտ ըլլալ», աւելցուց ան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցով գերագոյն ներկայացուցիչը ըսաւ, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու տագնապի լուծման գործին, ներառեալ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին, որ նաեւ ուղղակի կերպով ներգրաւուած է բանակցային հոլովոյթին մէջ:
«Մենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հետ պարբերաբար խորհրդակցութիւններ կը կատարենք, թէ ի՛նչ բանով կրնանք օգնել այդ հարցին մէջ», ըսաւ Էշթըն` աւելցնելով, որ ինք տագնապին վերաբերող հարցերը քննարկելու նպատակով կը պատրաստուի Հայաստան եւ Ազրպէյճան այցելելու:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ
ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ԷՇԹԸՆԻ ԿՈՉԻՆ
Հայաստանի իշխող Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով երէկ նշեց, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճնշում գործադրէ ազրպէյճանական կողմին վրայ:
Անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատու Քեթրին Էշթընի կոչին` Է. Շարմազանով յայտնեց, որ Ազրպէյճան չի դադրիր խօսիլ տագնապի զինուորական լուծման մասին, կը պարծենայ սպառազինութիւններու մրցավազքով, չի դադրիր ցեղապաշտութիւն եւ հայատեացութիւն քարոզելէ, եւ շարունակ կը պնդէ, որ իրենք զիջելու որեւէ բան չունին:
Ան աւելցուց, որ իրենք դրական կը գնահատեն բոլոր գործընկերներուն, ներառեալ` Ք. Էշթընի ցանկութիւնը, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը շուտափոյթ կերպով լուծուի: Ըստ Շարմազանովի, խնդիրին լուծման համար անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճան կառուցողական ըլլայ, մինչդեռ բոլորը տեսան, որ Ազրպէյճան թէ՛ Քազանէն առաջ, թէ՛ քազանեան հանդիպման ընթացքին եւ անկէ ետք ապակառուցողական է:
«Այսպիսի մօտեցումի պարագային ինչպէ՞ս կրնանք յառաջընթաց արձանագրել: Ես յառաջընթաց կ՛ակնկալեմ, եթէ ազրպէյճանական կողմը ըլլայ կառուցողական, եւ ճնշումը ազրպէյճանական կողմին վրայ խստանայ, որովհետեւ Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ համանախագահող երկիրները պէտք է շատ լաւ հասկնան, որ այստեղ մէկ լուծում պէտք է` երկուստէք փոխադարձ զիջումներ», աւելցուց Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը:
Ըստ անոր, տագնապին լուծումը կը խանգարուի նաեւ իւրաքանչիւր հանդիպումէն ետք հնչող յայտարարութիւններով, որոնք հաւասարութեան նշան կը դնեն հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ, մինչդեռ միջազգային հանրութիւնը պէտք է յստակ ըսէ, թէ ո՛վ տագնապի լուծման հոլովոյթը փակուղի կը տանի:
Շարմազանով ընդգծեց, որ ազրպէյճանական կողմը փակուղի կը տանի լուծման հոլովոյթը:
«Երկրորդ հարցը, որ շատ կարեւոր է. մենք բեկումնային յառաջընթաց կրնանք արձանագրել այս հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ հիմնարար սկզբունքներու շուրջ, այն պարագային, երբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը բանակցութիւններու լիիրաւ մասնակից դառնայ: Հակառակ պարագային մենք ականատես պիտի ըլլանք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի արհամարհումի օրինակի մը եւս», նշեց Է. Շարմազանով: