26 Յունիսէն 5 Յուլիս. Քոլինա Քաունթրի Քլապի Թենիսի Մրցաշարքը
Կազմակերպութեամբ Քոլինա Քաունթրի Քլապ ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, 26 յունիսէն 5 յուլիս տեղի պիտի ունենայ Պազիլ Մկրտիչի անուան թենիսի 4-րդ տարեկան մրցաշարքը:
Տեղի պիտի ունենան 10, 12 եւ 16 տարեկան տղոց եւ աղջկանց, 16 տարեկան աղջկանց զոյգի եւ 35 տարեկան եւ վեր տղոց մրցումները:
Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 24 յունիս, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ը` նկատի ունենալով, որ նոյն օրը երեկոյեան ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ վիճակաձգութիւնը:
Մրցաշարքին յատկացուած ընդհանուր գումարը կը կազմէ 7 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ արձանագրութեան կամ յաւելեալ տեղեկութեան համար կարելի է հեռաձայնել 04-524584 թիւին:
CATEGORIES Մարզական

