2014-ի Մոնտիալ. Զուիցերիոյ Հաւաքականին Յետսապահին Համար Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

2106swissՊրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալին ծիրին մէջ կատարուած Ֆրանսա – Զուիցերիա մրցումը անբախտ օր մը եղաւ զուիցերիացի յետսապահ Սթիւ Վոն Պերկենի համար, երբ ան Օլիվիէ Կիրույէն ոտքի հարուած մը ստացաւ իր դէմքէն:

Ատկէ ետք 31 տարեկան յետսապահը, արիւնահոսութիւն մը ունենալով դաշտէն դուրս բերուելէ ետք փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, ուր ի յայտ եկաւ, որ անոր դէմքին ոսկորը փշրուած է:

Զուիցերիական մամուլին համաձայն, Պերկենի համար այժմ Մոնտիալը աւարտեցաւ: Ան խումբին բժիշկներէն մէկուն հետ մեկնեցաւ Զուիցերիա` վիրաբուժութեան ենթարկուելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES